Տեսակէտ. Ազրպէյճանի Թեհրանեան Յայտարարութիւնները

Mekhdiyev-Ahmadinejad-Ազրպէյճանական contatc.az կայքէջը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւ Թեհրանի մէջ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Իրանի վարչակարգին կ՛աջակցի: Թերեւս այդ նախանձախնդրութենէն մղուած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այսքան սերտ կերպով կը համագործակցին իրանեան վարչակարգի թիւ մէկ թշնամի Իսրայէլի հետ:

Տակաւին մէկ շաբաթ առաջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պատմական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իսրայէլ, ճիշդ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ այդտեղ կը գտնուէր եւ Իսրայէլի հետ կը կնքէր համաձայնութիւն մը` ընդգծելով, որ ատիկա «Իրանի ուղղուած յստակ պատգամ մըն է»: Օրին Մամետեարով-Հէյկըլ հանդիպումի մը հաւանականութեան մասին եւս խօսուեցաւ, ինչ որ մտածել կու տայ, որ այդ այցելութիւնը հակաիրանեան եռակողմ գործակցութեան մը ծիրին մէջ է:

Ազրպէյճան տակաւին անցեալ ամիս սկսաւ իսրայէլեան «Էրոսթար» եւ «Օրպիթըր» տիպի առանց օդաչուի թռչող սարքեր արտադրել, ուստի ուրկէ՞ ծնաւ Իրանի նկատմամբ այս սէրը: Այս բոլորին, ինչպէս նաեւ իր զինուորական օդակայանները Իրանի հիւլէական կայաններուն դէմ գործողութեան մը համար իսրայէլեան օդուժի տրամադրութեան տակ դնելու ազրպէյճանական պատրաստակամութեան մասին տեղեկութեանց լոյսին տակ, Մեհտիեւի յայտարարութիւնները խիստ հեգնական են:

Ալիեւի օգնականը նաեւ լորձնաշուրթն գովասանքներ շռայլած է Իրանի նախագահին` յայտնելով, որ Ալիեւ Ահմատինեժատը կը նկատէ իր ընկերն ու աջակիցը, աւելին` յայտարարելով, որ «ձեր անունն ու գործունէութիւնը ոսկիէ տառերով գրուած են ներքին, շրջանային եւ միջազգային քաղաքականութեան պատմութեան մէջ: Մենք ատիկա յստակ կերպով կը տեսնենք եւ այդ պատճառով ալ ձեզ կը յարգենք»: Ողջակիզումը հերքող Ահմատինեժատի ուղղուած գովասանական խօսքերը չեն կրնար Իսրայէլի եւ Ամերիկայի մէջ հրէական լոպիին հաճոյք պատճառել: Աւելի՛ն. այս խաղը անշուշտ իրանեան իշխանութիւններուն ուշադրութենէն չի վրիպիր, որովհետեւ անոնք գիտեն, թէ Ազրպէյճան` ոտնակոխելով «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսը, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց վատթարացումէն ետք եւս Իսրայէլի հետ իր ջերմ յարաբերութիւնները պահեց եւ ամրապնդեց:

Մեհտիեւ գանգատած է, որ արեւմտեան կարգ մը ուժեր վերջին տասնամեակին քանի մը անգամ փորձած են Ազրպէյճանի մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւն» իրականացնել, եւ իբրեւ օրինակ նշած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային ժողովրդավարութեան հիմնարկի Պաքուի ներկայացուցչութեան անունը: Ազրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւնները այսպիսի զաւեշտական ձեւով կը փորձեն հակադարձել վերջերս արեւմտեան եւ ամերիկեան պաշտօնական շրջանակներու կողմէ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց վատ կացութեան պատճառով Պաքուի ուղղուած քննադատութեանց:

Այդ յայտարարութեանց կատարման վայրը պատահական չէ, այլ զանոնք ամերիկեան կողմին համար աւելի ցաւալի դարձնելու ազրպէյճանական «հանճարեղ» հնարք մըն է: Իսկութեան մէջ այդ մանկամիտ յայտարարութիւնները կրնան պումերանկի պէս հարուածել զանոնք արձակող իշխանութիւնները, որոնք իրենց ուղղուած քննադատութիւններէն ջղագարուելով կը թուին մոռցած ըլլալ ֆրանսական այն ասացուածքը, թէ «լաւ կը խնդայ ան, որ վերջինը կը խնդայ»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com

Տպել Տպել