ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- 2007 թուականին Թիւ 26.199 Օրէնքի հռչակումէն ի վեր, Արժանթինը ամէն տարի Ապրիլ 24ին կը նշէ «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր»ը, ի յիշատակ 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։
Անցեալ Ապրիլ 30ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կազմակերպեց հայոց պատմութեան այդ սեւ էջի 98ամեակի յիշատակումը Պուէնոս Այրէսի Գոլէխիօ Նասիոնալի մէջ։ Ձեռնարկին խօսք առին Արժանթինի Կրթութեան Նախարար՝ Ալպերթօ Սիլէոնի, Ֆետերալ Դատախազ Սերխիօ Թոռէս, Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նախագահի պաշտօնակատար՝ Փետրօ Մուրատեան, Փլասա տէ Մաժոյի Մայրեր կազմակերպութեան հիմնադիր գիծի անդամ՝ Նորա Գորթինիաս, Ընկերային Գիտութիւններու տոքթ. Ֆէտէրիքօ Լորէնձ եւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէն՝ տոքթ. Յակոբ Թապագեան, որոնք թէեւ տարբեր շրջանակներու կը պատկանին, բոլորը խիստ պաշտպան են Մարդկային Իրաւունքներուն, ու հաստատ ոգիով պնդեցին Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին։
Իր պատգամին սկիզբ տալով, Նախարար Ալպերթօ Սիլէոնի յիշատակեց թէ այդ նոյն օրը կը նշուէր Փլասա տէ Մաժոյի Մայրեր կազմակերպութեան առաջին քայլարշաւի 36ամեակը, որ Արժանթինի ժողովրդավարութեան հիմնաքար մասնիկներէն մէկը պէտք է նկատուի։ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, Նախարարը ըսաւ որ այդ անտեսուած ոճիր մը եղած էր, եւ ընդգծեց այս ուղղութեամբ Արժանթինի տարած աշխատանքը, մանաւանդ Նախագահ Նէսթոր Քիրչնէրի օրով։
Դատախազ Սերխիօ Թոռէսը Հայոց Ցեղասպանութիւնը բաղդատեց Արժանթինի վերջին բռնատիրական կառավարութեան հետ, եւ յայտնեց որ «թէեւ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած ցեղասպանութիւնները դիմադրելու ձեւի վրայ», Արժանթինի օրինակը նկատեց որպէս ամենէն արդարներէն մէկը, դատական դաշտի վրայ լուծում գտնել ոչ մէ յատուկ դատարաններ կազմելով կամ դատախազներ նշանակելով այդ ոճիրներու դատապարտման համար, այլ զանոնք դատել երկրի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող դատարաններով, ընթացքին առաւել թափանցիկութիւն երաշխաւորելու միտումով։
Իր կարգին, Փետրօ Մուրատեանը Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը քննարկեց «երկու սատանաներու գաղափար»ի տեսակէտը ներկայացնելով, որու միջոցաւ կը փնտռուի զոհերուն յանձանք նետել։ Վերջաւորութեան ան շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնաբարուած կանանց ինքնամեկուսացման նշանակութեան վրայ, բացատրելով թէ անոնք երբեք չէին արտայայտուած իրենց ցաւերու մասին, ու շեշտեց թէ «այդ կանայք պատմութեան բաժին մը իրենց մօտ պահեցին։ Մեր պարտաւորութիւնն է իրենց այդ լռութիւնը լսել»։







