Համշէնահայութեան Նուիրուած Աննախադէպ Եւ Իւրայատուկ Ժողովրդային Հանդիսութիւն. «Իրենք Մեզմէ Լաւ Գիտեն, Որ Իրենք Հայ Են, Կ՛ապրին Հայաստանի Մէջ Եւ Կը Սպասեն Մեզ» Հաստատեց Հայկազ Ալվրցեան

haygaz-AlvertsianԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեր… անոնք ալ հայ են»` համշէնահայութեան նուիրուած հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հարիւրաւոր հայորդիներու, որոնք ողողած էին սրահն ու շրջապատը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Գօգօ Արոյեան մեներգեց «Յիշի՛ր Դրոյին» երգը: Ապա, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Սոնա Թեմիզեան, որ նշեց, թէ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ հողերուն վերատիրանալու հայութեան կամքը անընդհատ կ՛աճի` շնորհիւ հայրենասիրութեան եւ վերադարձի կարօտին:

Թեմիզեան շեշտեց, որ երիտասարդները պէտք է միասնաբար փշրեն պատմութեան լռութեան պատը, որ կը շարունակէ ննջել մեր յիշողութեան մէջ. անոնք պէտք է նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգնին ու գտնեն լուծումներ:

Ալիս Իփրաճեան երգեց «Նեննի նեննի» երգը, որմէ ետք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Սթեֆանի Պալթայեան (Համշէնի բարբառ) եւ Տեսիլ Քէշիշեան (թարգմանութիւն) ասմունքեցին «Գերթաք» ստեղծագործութիւնը:

Շաքէ Պաղտասարեանի «Կ՛ուզիմ» երգին կատարումէն ետք, ներկաները դիտեցին Համշէնին եւ համշէնահայութեան նուիրուած տեսերիզ մը:

Օրուան բանախօսն էր Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց իսլամացած հայերու, թաքուն հայերու եւ համշէնահայերու իրավիճակը, թուային պատկերն ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Ալվրցեան նշեց, որ իսլամացած հայերուն մէջ կան ծպտեալ հայեր, որոնք չեն հաշտուած թրքական քաղաքականութեան հետ եւ որոնք երկու կեանք կ՛ապրին` իրենց համայնքին մէջ ունին հայկական դիմագիծ, իսկ հանրութեան մէջ` այլ դիմագիծ:

Ան յայտնեց, որ թրքական կամ քրտական աշիրեթներու մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարբեր գաւառներուն մէջ 1.5-2 միլիոն իսլամացած հայեր կան, որոնք չեն ուզեր յիշել իրենց հայկական ծագումը, քանի որ այն մտահոգութիւնը ունին, որ երբ յայտարարեն իրենց իսկական ինքնութիւնը, ապա կը կորսնցնեն ամէն ինչ: Հայկազ Ալվրցեան նշեց նաեւ, որ կայ նաեւ ալեւի հայութեան զանգուածը, որ Տերսիմի նահանգին մէջ կ՛ապրի, եւ որ շրջանի բնակչութեան 70-90 առ հարիւրը կը կազմէ:

Խօսելով համշէնցիներուն մասին` Ալվրցեան ըսաւ, որ համշէնցիները կ՛ապրէին Օսմանեան կայսրութեան համար զինուորական նշանակութիւն ունեցող տարածքի մը` Սեւ ծովու ափին, ուր պէտք էր բնակէին հաւատարիմ տարրեր, բայց համշէնցիներու ներկայութիւնը պատճառ դարձաւ, որ կայսրութիւնը որոշէ քրիստոնեայ բնակչութիւնը իսլամացնել, հայերէն խօսելէ չհրաժարողներուն լեզուները կտրել: Ան աւելցուց, որ այս գծով համշէնցիները տարբեր ժամանակներու ընթացքին ցոյց տուած են ինքնապաշտպանողական վիճակներ, որոնց զոհ գացած են հազարաւորներ:

Հայկազ Ալվրցեան հաստատեց, որ համշէնցիները երբեք չեն ընդունիր, որ իրենք թուրք են, հակառակ անոր որ իրենց մէջ կայ հատուած մը, որ կը մերժէ հայկական ծագում ունենալը, ինչ որ նաեւ ունի իր պատճառները: Այս առնչութեամբ բանախօսը յայտնեց, որ դարերու ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան թրքացման փորձերը երբեք իրենց նպատակին չծառայեցին:

Ան ըսաւ, որ համշէնցիները չեն մոռցած հայրենիքին տիրանալու գաղափարը եւ շատեր կ՛ըսեն, որ իրենք «Հայաստանի մէջ կ՛ապրին»:

Խօսելով իսլամացած հայերու կրօնական կարգավիճակին մասին` Ալվրցեան շեշտեց, որ ազգային ճակատագիրի հետեւանքն է աշխարհի չորս ծագերուն միլիոնաւոր իսլամացած հայերու ներկայութիւնը, եւ այս գծով բոլորս միացնողը պէտք է հանդիսանայ ազգային զգացումը, որ պատկանելիութեան իմաստով ամէնէն գերագոյնն է:

Իսկ համշէնահայերու այսօրուան վիճակին մասին Ալվրցեան ըսաւ, որ անոնք մշակութային վերելքի մէջ են, Պոլսոյ մէջ ստեղծած են «Հատիկ» մշակութային միութիւնը, որ ճիւղաւորուած է տարբեր շրջաններու մէջ, իրենց բարբառով կը ստեղծեն երգեր, բանահիւսութիւն, որոնց մէջ գոյութիւն ունին ազգային նկարագիր, սովորութիւններ, ծէսեր:

Հայկազ Ալվրցեան ըսաւ. «Իրենք մեզմէ լաւ գիտեն, որ իրենք հայ են, կ՛ապրին Հայաստանի մէջ եւ կը սպասեն մեզ»: Ան աւելցուց, որ համշէնահայերն ու իսլամացած հայերը սկսած են հզօր շարժումի մը Արեւմտահայաստանի վեց քաղաքներուն եւ Ատանայի մէջ, երբ ապրիլ 24-ը նշեցին իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան օր, ինչ որ հայ ժողովուրդի պայքարին համար նոր օր է, «երկրէն եկած ազդանշան է»: Ալվրցեան հաստատեց, որ այսօր առաւելաբար պայքարի դաշտը երկիրն է:

Ապա Գառնիկ Սարգիսեան երգեց «Ղարիպ ախպէր» եւ «Օտարութիւն» երգերը: ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Հայեր… անոնք ալ հայ են»` համշէնահայութեան նուիրուած իւրայատուկ եւ աննախադէպ հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել