Մայիս 28ի Չափանիշերով

mayis 28Թշուառ հանրապետութիւն՝ տարագիրներով, ցեղասպանութենէ մազապուրծ գաղթականներով, պետական մեքենայ կառավարելու ոչ մէկ փորձառութիւն ունեցող գործիչներով Մայիս 28, 1918ին անկախացած Հայկական Առաջին Հանրապետութիւնը ինչպէ՞ս բաղդատենք այսօրուան իրականութեան հետ:

Այո՛, այսօրուան Հայաստանի սահմաններուն մէջ տակաւին թշուառութիւն կայ, տակաւին կան գաղթականներ, որոնք վաղուց պէտք է իրենց վրայէն թօթափած ըլլային օտարութեան ամէն տեսակի փոշի: Այստեղ համեմատութիւնը, բարեբախտաբար, յօգուտ ներկայ Հայաստանին է, սակայն, նկատի առնելով առաջին երկու հանրապետութիւններու անկախութեան հռչակման նախապատմութիւնը՝ ապա այսօրուան Հայաստանին մէջ տիրող թշուառութեան համեմատութիւնը տակաւին անընդունելի մակարդակներու վրայ միայն կարելի է տեղաւորել:

Այո, հայկական յաղթական բանակը այսօր նոյն մարտունակ բանակն է, բայց՝ աւելի լաւ սպառազինութեամբ, աւելի հզօր հնարաւորութիւններով, աւելի ազգային նկարագիրով, աւելի պատրաստուած հրամանատարական կազմով,

Այո, այսօր ալ Հայաստանը երկու կողմէն ակցանուած է իր գոյութեան սպառնացող թշնամիներով,

Այո, այսօր պետութեան ղեկին են խորհրդային տարիներուն հասակ նետած եւ այդ այլասերող վարչակարգի բոլոր յոռի յատկանիշերով վարակուած պաշտօնեաներ: Այստեղ համեմատութիւն ընելն իսկ անկարելի է: Առաջին անկախութեան սերունդը անձնաւորող գործիչները ինքնազոհութեան, նուիրումի, հայրենասիրութեան, ժողովրդասիրութեան, արդարամտութեան այնպիսի բարձր չափանիշեր հաստատած են, այնպիսի բարձունքներ նուաճած, որ այսօրուան պետական գործիչները գաճաճներ կ՛երեւին անոնց համեմատ:

Ան, որ կը վիճի այս վերջին հաստատումին հետ, թող Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ հարցը տայ Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան պետական պաշտօնեաներուն.

«…Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք՝ արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը (Մանուկեան-«Ա.»), եղե՞լ էք այնքա՛ն անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը…»: Պատասխանները կրնաք կռահել ու արժեւորել:

asbarez.com
24/05/2013

Տպել Տպել