Ակնարկ. Սահման,Պատ Եւ 0 Խնդիրներ

Լրատուամիջոցներու հաղորդած այն լուրը, որ Անգարան Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ երկուքուկէս քիլոմեթր երկարութեամբ պատ սկսած է կառուցել, կը թուի հեռու չըլլալ իրականութենէ: Ծրագիրին գոյութիւնը պարզ կը դառնայ ոչ ուշ ժամանակին:
Կարեւորը, ներկայ պահուն, նման քայլի շարժառիթներուն վրայ կեդրոնանալն է:

Առաջադրուած սահմանային անցակէտին վրայ 11 փետրուարին պայթած էր ռումբով բեռնուած ինքնաշարժ մը: Թուրքիոյ առեւտուրի ու մաքսային գործերու նախարար Հայաթի Եազըճը յայտարարած է, որ իր նախարարութիւնը արձանագրութիւն ստորագրած է` զինուած ուժերու հետ տուեալ ծրագիրին իրագործման համար: Ան աւելցուցած է, որ անցակէտի աջ եւ ձախ կողմերուն պիտի կառուցուին արգելափակոցներ` պատի եւ վանդակացանցի տեսքով, ինչպէս նաեւ պիտի տեղադրուին դիտարկման սարքեր: Նախարարին կարծիքով` այդ ամէնը կը բարձրացնէ տուեալ շրջանին անվտանգութեան մակարդակը եւ կը նուազեցնէ սահմանի ապօրինի հատման դէպքերը: Եազըճը յայտարարած է, որ ամբողջովին պիտի նորոգուին սուրիական սահմանի միւս անցակէտերը` համալրուելով դիտարկման ժամանակակից սարքերով:

Քանի մը դիտարժան երեւոյթի վրայ հարկ է կեդրոնացնել լուսարձակները:

Պատի կառուցումը միաժամանակ թէ՛ ապահովական եւ թէ՛ մաքսային նկատառումներով է: Այստեղ չկան առեւտուրի եւ մաքսային խնդիրներու վերաբերող վիճակագրական տուեալներ, յատկապէս գաղափար մը կազմելու համար, թէ ոչ օրինական մուտքերու կամ ստուերային առեւտուրի ի՞նչ շրջանառութեան մասին է խօսքը: Իսկ ապահովական բաժինին մէջ կը խօսուի ականուած ինքնաշարժի պայթումի մէկ դէպքին մասին:
Եթէ պահ մը մտածենք, որ պատի կառուցման ծրագիրը հիմնականին մէջ ապահովական նկատառումով է, ապա այդ պարագային հարց կը ծագի, որ նման մեծ ծրագիրի որոշում մէկ դէպքի պատճառով դժուար թէ կայացած ըլլայ:

Պատի կառուցումը անպայման կ՛առնչուի դարձեալ Թուրքիա – Սուրիա սահմանին միջազգային երաշխաւորութեամբ մարդասիրական գօտիի ստեղծման Անգարայի առաջադրանքին: Գաղթականներ ընկալելու եւ միջազգային հիմնադրամներու հոսք ակնկալելով խորքին մէջ առաջադրուածը մարդասիրականէն աւելի անվտանգութեան գօտիի յառաջացումն է, որ կը հետապնդէ Անգարան:

Այս առաջադրանքին զուգահեռ այժմ պատնէշի կառուցումը միեւնոյն նպատակին ծառայեցուող գործողութիւն է: Այս անգամ ալ առեւտրական եւ մաքսային շղարշներու տակ:

Ուրեմն մարդասիրական եւ մաքսային ու առեւտրական շղարշներու տակ խորքին մէջ անվտանգութեան գօտիներու ստեղծումն է որ կ՛առաջադրուի Անգարայի կողմէ: Մտավախութիւնը եթէ առերեւոյթ սուրիական թափանցումն է, ըստ էութեան սակայն Սուրիոյ քիւրտերու վտանգն է եւ առհասարակ համաքրտական գործօնի մղձաւանջը:

Իրադրութիւնները յարափոփոխ բնոյթ ունին մնայուն: Իրաքի քիւրտերուն հետ բնականոն յարաբերութիւնները կրնան կտրուկ շրջադարձ ունենալ, երբ տարբեր մակարդակներու վրայ համաքրտական միաւորումներու պահը հասուննայ: Այդ պարագային ալ Թուրքիան իր եւ Իրաքի սահմանային անցակէտերուն երկայնքին պատեր կառուցելու ծրագիրներ կը մշակէ, այս անգամ ալ այլ պատրուակներով:
Աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու առումով Իրանի հետ Թուրքիոյ սահմանի անպատնէշ ներկայ դրութիւնը կայունութեան իմաստով շատ հեռանկարային չի թուիր ըլլալ:

Իսկ Հայաստանի շրջափակումին մնայուն բնոյթ տալու համար Թուրքիան գուցէ մտածէ նաեւ այդ փակ սահմանը պատելու մասին:
Պատ, պատնէշ, վանդակացանց կառոյց, արգելափակոց, շրջափակում: Այս բոլորը Թուրքիոյ հետ սահման ունեցող երկիրներուն նկատմամբ առաջադրուած եւ գոյ ծրագիրներ են: Անգարան կար ժամանակ կը յոխորտար «դրացի երկիրներուն հետ զերօ խնդիրներ» կարգախօսով: Այս կարգախօսը երբեմն յիշելը վնասակար չէ:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել