Սուրիահայ Անուանի Նկարիչ Շանթ Կիրակոսեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը

0000SFShant-Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, բազմատաղանդ արուեստագէտ, երկրաչափ ու նկարիչ Շանթ Կիրակոսեանի նկարներուն ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 19ին, յետմիջօրէի ժամը 5էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, արուեստասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որ եկած էր վայելելու Շանթ Կիրակոսեանի արուեստին պատկանող բազմաբնոյթ նկարները:

Արուեստագէտին կենսագրական գիծերը հայերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուց Արմէն Սամուրգաշեան:

Նկարիչ Շ. Կիրակոսեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ան փոքր տարիքէն սիրած է գծել: Յաճախած է Հալէպի «Սարեան» գեղարուեստի հիմնարկը, ուր հայ արուեստագէտներ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իրեն վրայ, զարգացնելով անոր գծելու ձիրքն ու ճաշակը: Շ. Կիրակոսեան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանէն, ապա յաճախած է Դամասկոսի երկրաչափական համալսարանը՝ հետեւելով ներքին զարդարանքի ու որմանկարչութեան ճիւղին (Interior design): 2008ին աւարտած է Իտալիոյ «Մետիչի» համալսարանը՝ արժանանալով գեղարուեստի Մագիստրոսի վկայականին:

Շ. Կիրակոսեանի բազմաբնոյթ արուեստի գործերը կը պարունակեն քանդակագործութիւն, զարդանկարչութիւն, որմանկարչութիւն, պալատական նկարներ, բնական տեսարաններ, պալէի նկարներ, գեղանկարներ ու հետաքրքրական զանազան տեսակի արուեստի գործեր: Ան ունեցած է անձնական ցուցահանդէսներ ու իր մասնակցութիւնը բերած է զանազան խմբային ցուցահանդէսներու: Իր գործերը ընդհանրապէս կը բաղկանան իւղաներկերէ, արձաններէ, ջրաներկերէ, որմանկարչութիւններէ, փայտի փորագրութիւններէ, եւ այլն:
Շանթ Կիրակոսեան, որպէս բազմատաղանդ արուեստագէտ, որմանկարիչ ու քանդակագործ, նաեւ իր ծառայութիւնը բերած է հայկական ազգային բազմաթիւ հաստատութիւններու, շէնքերու եւ գրասենեակներու կառուցման ու ներքին յարդարանքին՝ Հալէպի, Դամասկոսի ու Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ, արժանանալով գնահատական վկայագիրներու, որոնց կարգին՝ «Հայ տիպար երկրաչափ»ի վկայագիրը, զոր ստացած է 2002ին, Հալէպի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանէն:0000SFArmen

Ստացած է նաեւ երկու գնահատագիրներ սուրիահայոց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանէն. առաջինը՝ «Տիպար երկրաչափ»ի գնահատագիր (2007), Ազգային գանձատան հիմնադրութեան ու կառուցման առիթով, իսկ երկրորդը՝ «Առաջնորդի գնահատանք» (2012), Ազգային պատսպարանի կառուցման առիթով:

Շանթ Կիրակոսեանի ազգային շինարարական ծառայութիւններուն երկար շարքին կը պատկանին նաեւ Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի «Անի», «Դալար» եւ «Սպիտակ» ճաշասրահներու վերանորոգումն ու ներքին զարդագործումը, Տէր Զօրի Ցեղասպանութեան նուիրուած եկեղեցւոյ ու յուշարձանին ճարտարապետական ուսումնասիրութեան աշխատանքը, Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազգային կեդրոններ, սրահներ ու յուշարձաններ:

Շ. Կիրակոսեանի ուղղուած այն հարցումին, թէ ի՞նչ խորհուրդ կ՛ուզէ տալ այն հայ երիտասարդներուն, որոնք կ՛ուզեն հետեւիլ նկարչութեան արուեստին, ան պատասխանեց. «Արուեստը, նկարչութիւնը շատ մեծ դեր կատարած են իմ կեանքիս մէջ, եւ եղած են ծնողքիս քաջալերանքով: Ես կը քաջալերեմ նոր սերունդը, երիտասարդութիւնը, որ կարեւորութիւն տան արուեստին եւ մանաւանդ հայ արուեստին, ու զարգացնեն հայ արուեստը եւ մշակոյթը իրենց երիտասարդական նոր շունչովը՝ չմոռնալով նաեւ մեր Հայ Դատին սուրբ նպատակն ու խիստ կարեւորութիւնը»:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
asbarez.com

24/05/2013

Տպել Տպել