Իւրաքանչիւր Մայիս 28 մեզի կը յիշեցնէ այն պայմաններն ու օրհասական օրերը, որոնց մէջ կերտուեցաւ անկախ Հայաստանը

Sarkis-Mahseredjian2-Մայիս 28ի իւրաքանչիւր տօնակատարութիւն մեր սիրտերն ու հոգիները կը լեցնէ հպարտութեան զգացումով։

Իւրաքանչիւր Մայիս 28 մեզի կը յիշեցնէ այն պայմաններն ու օրհասական օրերը, որոնց մէջ կերտուեցաւ անկախ Հայաստանը։
Ամէն Մայիս 28ի հետ, կը վերադառնանք մանաւանդ անկախ հանրապետութեան հռչակման նախօրեակը, կը վերապրինք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու նմանօրինակ հերոսամարտերը, որոնք խորքին մէջ թագադրումը եղան նախընթաց տասնամեակներու մեր հերոսամարտերուն, Սասունէն, Զէյթունէն, Վանէն, Ուրֆայէն, Մուսա Լեռէն եւ հայկական բազմում միջնաբերդերէ բարձրացած ինքնապաշտպանական պայքարի դրօշներուն, ու մեր ճակատը բարձր կը պահենք այդ յիշատակներուն հետ, որոնց շնորհիւ մենք ու մեր հայրենիքը այսօր կանք, կը հաւատանք ու կը կրկնենք, թէ պիտի հասնինք Սրբազան Լերան կատարին։

Աւելին, Սարդարապատի հերոսամարտն ու անկախութեան հռչակումը մշտական յուշարար են մեզի, թէ անկախ հայրենիք կերտելը, «անձեւ քաոսի մէջէն» պետականութեան, բանակի, համալսարանի եւ երկրի մը բազում ստորոգելիներուն հիմերը հաստատելը նոյնքան կենսական կտակներ են ու ժառանգութիւն՝ մեր ժողովուրդին համար, այսօր ապրող սերունդներուս համար, որքան նոյնինքն անկախութեան գոյառումը։

Մեր պատմութեան բազում անհաւասար կռիւներէն յաղթական դուրս գալու նորագոյն վկայութիւններէն էին Սարդարապատն ու անոր ճամբով ծնունդ առած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը։ Եթէ Պարոյր Սեւակի կեանքը կանխահասօրէն ընդհատուած չըլլար, ան հաւանաբար պիտի շարունակէր «Աւարայրից ջանք առան, այստեղ մի պահ կանգ առան»ը եւ նոյն յղացքով, նոյն ուժականութեամբ պիտի գովերգէր նաե՛ւ Արցախեան հերոսամարտն ու անոր նուաճումները, որովհետեւ եթէ Սարդարապատը մէկ արձագանքումն էր Աւարայրէն արձակուած կանչին, Արցախն ալ եղաւ արձագանքողը Սարդարապատի հրաւէրին։ Այդ կը վկայեն նոյն բանաստեղծութեան մարգարէաշունչ վերջին տողերը. «…Երբ տան զանգը, ահազանգը, որ մեր հոգու պարտքը տանք»։

Սարդարապատով անկախ հռչակուած Հայաստանը փոքրածաւալ էր, սակայն ծանր հարուածներէ վերականգնած, Ցեղասպանութենէն վերստին յարութիւն առած մեր ժողովուրդը, դժուարին պայմաններու մէջ ու շարունակուող անհաւասար կռիւներով յաջողեցաւ հրաշք գործել, հայապատկան հողամասեր միացուց փոքրիկ Հայաստանին եւ զայն ժառանգ թողուց յաջորդ իշխանութեանց, միաժամանակ կտակելով ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի տեսլականը, այսինքն, հայապատկան բոլոր հողերը հայկական իշխանութեան ներքեւ հաւաքագրելու պատգամը։ Առանց այդ տեսլականին, առանց Հայաստանի անկախ հանրապետութեան օրով՝ պետականօրէն ամրագրուած ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի հռչակագիրին, մեր պատմութեան զարգացումը զուրկ պիտի մնար կարեւոր հիմքէ մը, յենարան՝ որուն վրայ կերտուեցաւ Արցախեան պայքարը՝ Հայաստանի վերանկախացման դարբնումի օրերուն. պարզ աչքերով տեսանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հողերուն մեծ մասը, շրջակայ հայապատկան այլ տարածութիւններով, այսօր արդէն իրողապէս միացած են մայր Հայաստանին։ Ամբողջ սերունդ մը, ծաղիկ հասակներու զոհաբերումով, «հոգու պարտք» տուաւ, երբ դարձեալ հնչեց ահազանգը…։

Մէկ խօսքով, ինչ որ իրականացաւ 1988էն 1993 տարիներուն, ուղղակի շարունակութիւնն էր այն գործին, որ սկսուած էր Սարդատապատով ու անկէ ալ առաջ՝ հայկական յեղափոխութեան շղթայազերծման օրերուն։ Հետեւաբար, մեր պատմութեան իրերայաջորդ հանգրուանները այս տարածութեան վրայ դիտելով, նոյն ինքնավստահութեամբ կրնանք յայտարարել, որ Աւարայրէն, Սարդարապատէն ու Արցախէն մեզի հասնող պատգամները նոյնն են, զանոնք կը դիմագրաւենք ու անոնց համար պիտի պայքարինք նոյն յանձնառութեամբ, ազատ ու անկախ Հայաստանը հասցնելով Միացեալ Հայաստանի հանգրուանին։

Այս կտակին տէրն ենք ազգովին, Հայաստանի թէ արտերկրի հայութեան զաւակներս, մանաւանդ երիտասարդ սերունդը, որուն գոյութեան ու գոյատեւման անփոխարինելի նախադրեալները կը պարփակուին այդ պատգամին մէջ։
***
veterans-washingtonՍարդարապատով ու Արցախեան ազատամարտով կատարուած նուաճումները ՀՈՂԻ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՈՒՄ էին, հայապատկան հողերու վերադարձը՝ սեփականատիրոջ՝ հայութեան։

Ճիշդ է, Ազրպէյճան ու անոր դաշնակից Թուրքիան կը շարունակեն սպառնալ, յայտարարելով, որ արցախեան հողերը պիտի վերագրաւեն զէնքի ուժով, սակայն բոլորէն աւելի մե՛նք գիտենք, որ նման «նուաճում» պիտի նշանակէ վերադարձ անարդարութեան։ Փաստօրէն, ստալինական անարդար կարգադրութեամբ մը Ազրպէյճանին «նուէր տրուած» Արցախն ու Նախիջեւանը չեն կրնար պատկանիլ գրաւողին, այլ անոնք սեփականութիւնն են հայութեան ու Հայաստանին, ինչպէս որ հայութեան եւ Հայաստանի սեփականութիւններն են Արեւմտեան Հայաստանը, æաւախքն ու Կիլիկիան (վերջինը յաճախ մեր իսկ կողմէ լուսանցքի վրայ ձգուած իրաւատիրութիւն մը)։

Սարդարապատով սկսած ու Արցախով շարունակուած սրբագրումը ետդարձ պիտի չճանչնայ։

Ու երբ կ՛ըսենք ՀՈՂԻ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՈՒՄ, ի մտի ունինք հայապատկան գրաւեալ հողերուն, եւ ո՛չ միայն անոնց վրայ գտնուող կալուածներու վերադարձը իսկական սեփականատիրոջ։

Հաւանաբար կարելի է լաւ բաներու ցանկին դասել զբօսաշրջային այցելութիւնները՝ Արեւմտեան Հայաստանի մեր պատմական աւաններն ու բնակավայրերը։ Նմանապէս ողջունելի է եւ մեր իրաւունքներուն վերահաստատման ճամբուն վրայ առնուած կարեւոր քայլ՝ ամերիկեան խորհրդարանի այն որոշումը, ըստ որուն՝ եկեղեցապատկան կալուածները պէտք է վերադարձուին իրաւատիրոջ, իսկական սեփականատիրոջ։ Այս ծիրին մէջ, աննախընթաց յառաջդիմութիւն էր Էջմիածնայ եւ Անթիլիասի վեհափառ հայրապետներուն միացեալ այն պահանջագիրը, որ լոյս տեսաւ 23 Ապրիլ 2013ին, իբրեւ նորագոյն փաստաթուղթ՝ ողջ հայութեան իրաւատիրութեան մասին։ Տակաւին, կարելի է գոհունակութեան շարժառիթներու ցանկին տեսնել իրաւական այն հետապնդումները, որոնք կը կատարուին Ցեղասպանութեան զոհ գացողներու կեանքի ապահովագրութեանց թղթածրարներուն գծով։ Այս ու նմանօրինակ պահանջներուն խորքը, սակայն, կայ շատ աւելի կարեւոր կէտ մը, եւ յիշեալ դրական զարգացումները պէտք չէ մեզ շեղեն հարցին էութենէն, կիզակէտը մեղմացնել խորքէն. Թուրքիայէն մեր պահանջները պէտք չէ դիտել- ո՛չ մենք, ո՛չ Թուրքիա, ո՛չ ալ անոր կամ մեր կողքին կանգնողները – այն տրամաբանութեամբ, որ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ ՀՈՂԵՐՈՒ ՎՐԱՅ եղող հայապատկան կալուածներ սոսկական կերպով վերադարձուին Պոլսոյ

Պատրիարքութեան կամ հայկական այլ հաստատութեանց, կամ, տակաւին, Վանի, Այնթապի կամ Ատանայի մէջ Ցեղասպանութենէն առաջ կալուածագիրի մը վերահաստատումը ըլլայ այն տրամաբանութեամբ, որ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն ենթակայ մնալով՝ կալուած մը վերադարձուի նահատակի մը կամ բռնագաղթուածի մը ժառանգորդին, այնպէս, ինչպէս թերեւս ցանկայ տեսնել Թուրքիան. պէտք է թափանցենք յիշեալ պահանջատիրութեան խորքը եւ հաստատենք, վերահաստատենք ու երիցս յայտարարենք, որ խնդրոյ առարկայ կալուածներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը կը գտնուի պատմականօրէն հայապատկան հողերու վրայ, այդ հողերը բռնագրաւուած են ու անոր վրայ ապրած ժողովրուդը Ցեղասպանութեամբ եւ բռնագաղթով՝ իրաւազրկուած, հետեւաբար, այդ կալուածներուն եւ զանոնք իր գիրկին մէջ պահող հողամասերուն հայութեան յանձնումը, Հայաստանի վերամիացումը անխուսափելի հրամայական են, որպէսզի շարունակուի Սարդարապատով, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն եւ վերջերս Արցախեան ազատամարտով հայկական հողերուն հաւաքագրումը։
Նման պահանջ, ակնկալութիւն ցնորական չէ, այլ կը հիմնուի արդարութեան վրայ։ Միթէ ցնո՞րք էին Սարդարապատն ու Արցախը…:

***
Հպարտութեան եւ ճակատաբաց պահանջատիրութեան մեր խիզախումը, ափսոս, անխառն չէ։ Որքա՜ն ցանկալի պիտի ըլլար, որ այսօր եւ մի՛շտ Սարդարապատի յիշատակն ու անկախութեան նուաճումը, վերահաստատումը տօնէինք Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ ու անմնացորդ գօտեպնդումով, հայրենիքն ու ժողովուրդը յիշեալ պայքարներուն ոգիով պահպանելու, դէպի մեր երազներուն իրականացումը առաջնորդելու կամքով ու գործնական քայլերով։

Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ եթէ նուաճումներ արձանագրած ենք սեփական ու սահմանափակ միջոցներով, անոնց դիմաց նաեւ նահանջներ, ցաւալի կորուստներ ունեցած ենք մեծ մասամբ արտաքին՝ թշնամիին հարկադրանքներով։

Ճիշդ է, որ խորհրդային տարիներուն, մանաւանդ ստալինական մողոքի շրջանին, հայանուն ձեռքեր ալ մասնակից եղած են հայավնաս ու հայրենավնաս «քաղաքականութեանց», սակայն հոն ալ հարկադրանքի գիծ մը կար, որքան ալ անարդարանալի ու դատապարտելի։

Հայաստանի վերանկախացումէն աւելի քան 20 տարի ետք, իրերայաջորդ իշխանութիւնները ինչպիսի՞ ճակատով կը կանգնին Սարդարապատի ու Արցախի պատգամներուն դիմաց։ (Եւ արդեօք ինչո՞ւ հարկադրուած պիտի ըլլանք, վերոյիշեալ հպարտանքին ու պահանջատիրութեան արտայայտութեան կողքին՝ արձանագրել սեփական ցաւ մը, որուն դարմանումը միայն ու միայն մեր ձեռքին է…)։

Սարդարապատի ու 28 Մայիսի Հայաստանին պատգամները այսօր եւ միշտ պէտք է յիշենք, անոնց իրականացման հետամուտ ըլլանք անխառն զգացումներով, ընդհարական շահերու նկատմամբ համանման մօտեցումներով, այնպէս՝ ինչպէս որ պարտ են ընել 21րդ դարը ապրող քաղաքակիրթ ժողովուրդները (այլոց սխալներն ու ծուռ հաշիւները պէտք չունինք որդեգրելու անպայման…)։veterans-washington1-Այսօրուան մեր հայրենիքը մեր աչքին լոյսն է ու անոր անվտանգ պահպանումը՝ բոլորիս իրաւունքը, պարտաւորութիւնը։ Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, սակայն, իրական գետնի վրայ, ընդհանրապէս ցոյց կու տայ հակառակ ընթացքը։ Վերջին մէկ տարուան ընտրութիւնները յաւելեալ վկայութիւններ եղան, որ իսկական ժողովրդավարութեան, հայութեան բոլոր ձեռքերը միացնող գործընթացը տեղ մը կանգ առած է (եւ բաւական կանուխէն), ի հակադրութիւն այն իրողութեանց, որոնք պատմութեան մէջ անվիճելի կերպով արձանագրուած են անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն. համայնավարութեան օրերուն կատարուած խեղաթիւրումները միայն հոն չեն մնացած, դժբախտաբար, խեղաթիւրումներ կը կատարուին նաեւ այսօր, եւ ատկէ վնասուողը զանգուածներն են, ամբողջ հայրենիքը, բացի ապազգային այս ընթացքը վարող «վերնախաւէն»։

Հողահաւաքի համար, կենսական են այժմու հանրապետութեան մէջ իսկական ժողովրդավարութեան մարմնաւորումը, ժողովուրդին ընկերային վիճակի բարւոքումը, արդարութեան վրայ հիմնուած իշխանութեան ու ընկերային համակարգի հաստատումը, որպէսզի դադրինք տագնապելէ, թէ՝ հողահաւաքէ առաջ՝ ժողովուրդի հաւաքն է կենսականը, հրամայական է արտագաղթին կասեցումն ու անոր պատճառներուն դարմանումը։

Աւելի քան 20 տարի առաջ վերանկախացած մեր հայրենիքին մասին, չենք կրնար ըսել, որ վերածնաւ «անձեւ քաոս»է։ Սակայն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք, երկիրն ու ժողովուրդը բթամիտներու կողմէ կը տարուին դէպի քաոս, որուն համար չքմեղանքներ ու ինքնարդարացման փորձեր ներելի չեն, ո՛չ ալ ընդունելի են։

Արտաքինին զուգահեռ, ներքին «ահազանգեր» ալ կը հնչեն այսօր…

Սարդարապատէն, 28 Մայիսի Հայաստանէն ու Շուշիի ազատագրումով դէպի Հայաստան ճամբայ ելած Արցախէն՝ այսօր եւ միշտ բոլորիս ձգուած են անսակարկելի ու անփոփոխելի ժառանգութիւններ։ Այդ ժառանգութիւնները վաղն ալ չեն կրնար կորսնցնել իրենց արժէքը, որքան ալ փորձ կատարուի ինքնահամոզումի, թէ ժամանակները փոխուած են, աշխարհի իրադրութիւններն ու զարգացումները պէտք է ընկալել ու քայլ պահել անոնց հետ։

Նման տրամաբանութիւն պարտուողականութեան համազօր է։

Սարդարապատն ու Արցախը փաստեցին նման մտածողութեանց սնանկութիւնը։ Նոր փաստերու պէտք չունինք։ Պէտք է ականջ տալ այսօրուան ահազանգերուն։

asbarez.com
24/05/2013

Տպել Տպել