«Ազդակ»ի Խմբագրական.Գերակայ Խորհուրդը. (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-Ամեակին Առիթով)

սարդարապատՀայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը երրորդ հանրապետութիւնը կը նշէ համապետական տարողութեամբ, մինչ սփիւռքի գաղութները յատուկ տօնակատարութիւններով վեր կ՛առնեն օրուան խորհուրդը, այժմէականացման փորձեր կը կատարեն եւ մանաւանդ հանրապետութեան եւ անկախութեան կերտիչներու փոխանցած դասերուն վրայ լուսարձակներ կը բանան:

Մայիս 28-ը անշուշտ համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչում, տօնակատարութիւն, քննարկում կ՛ենթադրէ, եւ այդ ուղղութեամբ համատարած նախաձեռնութիւններ արձանագրուեցան եւ կ՛արձանագրուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքեան զանազան գաղութներու մէջ:

Հերթական անգամ խորհուրդի այժմէականացման հրապարակագրական փորձը դիւրին չէ անշուշտ: 95-ամեակն ալ պարզապէս կլոր տարեթիւ է ձեռնարկներուն եւ տօնակատարութիւններուն յաւելեալ հովանի ապահովելու առումով: Պատմակերտ իրողութեան բազմաթիւ ուսանելի խորհուրդները բազմիցս արծարծուած են, բարձրաձայնուած. քննարկումներու նիւթի վերածուած եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու իբրեւ թեմա ճշդուած:

Վերընդգծելը անտեղի չէ, որ մայիս 28-ը համաժողովրդային հոգեփոխութիւն է, անկախութեան կերտում է, հանրապետութեան հաստատում է, լուսաւորութիւն է, հայրենիքի կազմակերպում է, համաթուրանական յառաջխաղացքի կասեցում է, բանակաշինութիւն է, դիւանագիտական ծառայութեան հաստատում է. ու տակաւին ժողովրդավարացման ձգտում է եւ միջազգային ընտանիքին անդամակցութիւն է: Կարելի է տակաւին շարքը երկարել նման աննախադէպ պատմակերտ նշանակութիւն ունեցող իրագործումներու եւ զանոնք հիմնաւորող վերլուծական գրականութեան օրինակներուն:

Հանրապետութեան կերտումէն, պետականութեան հաստատումէն եւ ազատութեան ու անկախութեան բացարձակ արժէքներու առարկայացումէն գուցէ առաջ եւ անվարան անոնցմէ գերադաս նոյնիսկ մայիս 28-ը անփոխարինելի եւ անգերազանցելի նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Այդ նշանակութիւնը հետեւեալ պարունակային տրամաբանութեան մէջ պէտք է տեսնել: 1918-ը, յետադարձ հայեացք նետողին համար, պիտի յուշէ նախ եւ առաջ, որ եղելութիւնը տեղի կ՛ունենայ ցեղասպանական քաղաքականութեան գագաթնակէտէն` 1915-էն միայն երեք տարի ետք: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ հայութեան արեւմտահայ հատուածը բնաջնջելէ եւ տեղահանելէ ետք նոյն թշնամին կը սպառնար այս անգամ ժողովուրդի մնացորդացին` արեւելահայ հատուածին, երկրագունդի քարտէսէն ընդհանրապէս ջնջելու Հայաստան անունը կրող աշխարհագրական տարածքը եւ ազգերու պատմութենէն ալ հայ ժողովուրդը: Ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան օրհասական կռիւներն էին Սարդարապատն ու միւս ճակատները: Հայ ժողովուրդի գոյութեան շարունակականութիւնը կա՛մ ամրագրող, կա՛մ ալ ի սպառ կորուստի մատնող: Առանց այդ կռուին, առանց այդ ծառացումին եւ առանց այդ յաղթանակին մնացեալը պիտի չըլլար:

Պետականութեան հիմնադրութեան, ազատութեան եւ անկախութեան կերտման իրականութիւններէն աւելին է մայիս 28-ը իբրեւ լինելութեան եւ շարունակականութեան, երկրագունդին վրայ իբրեւ ազգ մնալու առումով: Որովհետեւ, երկար ատեն մենք մնացած ենք անազատ, երկար ատեն առանց պետութեան, դարեր շարունակ ոչ միայն առանց անկախութեան ու ինքնիշխան հայրենիքի, այլ այս կամ այն պետութեան ու կայսրութեան մէջ տարրական իրաւունքներէ զուրկ հաւաքականութիւն, համայնք ու ազգ: Ցեղասպանական քաղաքականութեան երկրորդ ծրագիրի կասեցումն էր մայիս 28-ը եւ իբրեւ այդպիսին կը մնայ անոր անգերազանցելի նշանակութիւնը, պատմութեան մէջ նմանը չունեցող իրագործումը, հայութեան ապրելու կամքի միասնական արտայայտութիւնը:

Ահա թէ ինչու երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւններուն հետ անհամեմատելի է առաջին հանրապետութեան խորհուրդը: Երկրորդն ու երրորդը գոյութիւն չէին ունենար, եթէ չըլլար առաջինը` պարզ տրամաբանութեան մէջ պէտք չէ դիտարկել: Ոչ թէ հանրապետութիւնները չէին ըլլար, այլ ամբողջ հայ ազգի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած պիտի ըլլար:

Ահա թէ ինչու պիտի գուրգուրալ երրորդ հանրապետութեան վրայ իբրեւ առաջին հանրապետութեան փաստական շարունակութիւնը: Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բանավէճերուն մէջ առաջին հանրապետութեան կարճատեւ իրականութենէն դասեր քաղել-չքաղելու, համեմատական վերլուծումներու փորձերը հանրապետութեան կայացման կամ անկման մասին հետեւութիւններ կատարելու պահուն պետական այրերը միշտ պիտի մտաբերեն մայիս 28-ի գերակայ խորհուրդը` ցեղասպանական քաղաքականութեան երկրորդ հանգրուանի տապալումը: Մնացեալը արդէն աշխարհաքաղաքական մակարդակներու վրայ իրադրութիւններու ազդեցութիւններուն, փոփոխութիւններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել: Մնացեալը արդէն վարչակարգային փոփոխութիւններու խնդիր է: Կարեւորագոյն իրագործումը կայացած էր: Հայը կը շարունակէր արարել, ստեղծագործել եւ զարգանալ: Եւ աւելի՛ն. իր ազատ ու անկախ հայրենիքին մէջ: Այս առումով ալ առաջին հանրապետութեան նշանակութիւնն ու խորհուրդը անհամեմատելի է եւ անգերազանցելի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել