Հայաստանի Անկախութեան 95ամեակը. Մայիս 28ի Աւանդին Խեղաթիւրման Եւ Իմաստազրկման Փորձերը

nazareth1Հայաստան տակաւին խորհրդային հանրապետութիւն էր 1989ին, երբ օրուան Կոմկուսի իշխանաւորները, հարկադրաբար տեղի տալով Արցախեան Պահանջատիրութեան եւ անոր շղթայազերծած համաժողովրդային բողոքի ճնշումին տակ, պաշտօնապէս ճանչցան Մայիս 28ը իբրեւ Հայաստանի անկախութեան ազգային տօն։

Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, օրի՛ն, մեր ժողովուրդը իր տիրական մեծամասնութեամբ ապրեցաւ խանդավառութեան եւ հպարտութեան, յուզումի եւ սպասումներու անմոռանալի պահեր։ Վերջապէս իրականացած էր սերունդներու երազը եւ Արցախի միացումը պահանջող բազմահազարանոց հանրահաւաքներուն վերեւը կը ծածանէր անկորնչելի Եռագոյնը՝ Մայիս 28ի գաղափարական աւանդին, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին շուրջ համախմբելով իրաւատէր ու մարտունակ հայութիւնը։
Դժգոհներ ալ կային, անշո՛ւշտ։

Ե՛ւ հայրենի ոստաններուն մէջ, ե՛ւ ի սփիւռս աշխարհի։

Եօթանասուն տարուան ուրացումի եւ պատմական նենգափոխումի գաղափարական թոյնով վարակուած ախտաւորները անպակաս էին, որոնք Մայիս 28ի եւ Եռագոյնի դէմ անհաշտ ու մաղձոտ պայքարը իրենց գոյութեան իմաստը դարձուցած էին։
Նոյնիսկ Պապէն աւելի պապական դիրք ճշդողներ գտնուեցան օրին՝ տակաւին պնդելով, որ Դաշնակցութիւնը իբր «իւրացուցած» է Ազգին ու Հայրենիքին պատկանող Մայիս 28ի յաղթանակն ու աւանդը:

Այդպիսիները ոչ միայն օրին մերժեցին տօնել Մայիս 28ի տարեդարձը, այլեւ հետագային ալ, նոյնիսկ երբ վերանկախացեալ Հայաստանը պետական տօն հռչակեց 28 Մայիսը, շարունակեցին արատաւորման հնարք մը փնտռել եւ իրենցմէ հեռու վանել Հայաստանի Անկախութեան մեծագոյն տօնին կենսատու բաժակը։
Բայց Հայաստանն ու հայութիւնը արդէն կատարած էին իրենց պատմական ընտրութիւնը։ Հայրենիքի վերանկախացումն ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումը վճռուած, անդառնալի ուղի էր այլեւս։ Հակադաշնակցական ցեխարձակումներով զբաղելու ժամանակը անցած-գացած էր։

Համահայկական զարթօնքի պատմական այդ ոգեշնչող օրերէն ահա շուրջ քառորդ անցած է, Հայաստան վերատիրացած է իր անկախութեան եւ, աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, հայ ժողովուրդը իր ուղին կը հարթէ ազգային պետականութեան եւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ու հզօրացման ուղղութեամբ։

Բայց նաեւ ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ քայլերուն հետ, նորահաստատ իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքերէն երեւան եկան Մայիս 28ի աւանդները լիարժէք չվերականգնելու գաղափարական խոտորումներ։ Երբեմն ծանրակշիռ եւ յաճախ թեթեւակի այդ խոտորումները ժամանակի ընթացքին ստացան հետեւողական եւ համադրուած, պետականօրէն հակակշռուած բնոյթ։ Քայլ առ քայլ արմատաւորուեցան եւ սկսան տեղատուութեան մատնել ժողովրդային շարժման յառաջխաղացքը՝ թէ՛ ազգային մեր պետականութեան, թէ՛ ժողովրդավարական կարգերու վերականգնման զոյգ ուղղութիւններով ալ։

Գլխաւոր խոտորումը եւ հետագայ բոլոր խոտորումներու մայր աղբիւրը հանդիսացաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակէն զեղչումը «Միացեալ»ին։ Իբր թէ պետական մտածողութեամբ գործելու պատճառաբանութեամբ, հայ ժողովուրդի հողահաւաքին ու ազգահաւաքին օրակարգը դուրս մղուեցաւ Հայաստանի պետական քաղաքականութեան կիզակէտէն՝ իբր թէ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը անհամատեղելի նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հզօրացման եւ հայրենի հայութեան ընկերատնտեսական զարգացման առաջնահերթութեանց հետ։

Ծանրակշիռ միւս խոտորումը կատարուեցաւ Մայիս 28ով նուիրագործուած Ազատութեան մեծ աւանդէն։ Ընկերային արդար կարգերու եւ հասարակական համերաշխութեան Մայիս 28ի տեսլականը դուրս հանուեցաւ վերանկախացեալ Հայաստանի պետական ռազմավարութեան օրակարգէն։ Անտառի օրէնքով ղեկավարուող վայրագ դրամատիրութեան անցնելու հեւքին մէջ, բնականաբար, ոտքի կոխան դարձան ժողովրդավարական ամէնէն տարրական արժէքները՝ արհամարհանքի մատնելով իրաւահաւասարութեան եւ քուէի սրբութեան տիեզերական սկզ-բունքները։
Հետեւող մասնակի կամ պարագայական խոտորումներու մասին չ՛արժեր խօսիլն իսկ։

Յանկարծ խաչակրական արշաւ մը սկսաւ եւ տարիներով քաշքշուեցաւ «Մեր Հայրենիք»ի ե՛ւ բառերուն, ե՛ւ երաժշտութեան դէմ։

Կամ՝ յանկարծ «գիւտ»ը կատարուեցաւ Եռագոյնին «նարնջագոյն»ը փոխարինելու «ծիրանագոյն»ով եւ տեղի-անտեղի գործածելու պետական քարոզարշաւի համար։

Իսկ Մայիս 28ի պետական տօնը ստացաւ «Հանրապետութեան Օր» անուանակոչումը՝ «Անկախութեան Օր»ը վերապահելու համար Անկախութեան Հանրաքուէի օրուան։

Աւելի՛ն. պաշտօնապէս Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ Հանրապետութիւններ ունեցանք, որպէսզի ազգայինի եւ ապազգայինի (չըսելու համար հակա-ազգայինի) միջեւ զատորոշումն ու արժեւորումը չարմատաւորուին նորահաս մեր սերունդներու ազգային ինքնագիտակցութեան մէջ։

Պատահական չէ, հետեւաբար, որ Մայիս 28ի 95ամեակին առիթով, Հայաստանի նախագահի յաւուր պատշաճի «Ուղերձ»ին մէջ, կողք-կողքի յիշատակուին «դաշնակցականն ու կոմունիստը»… իբրեւ Սարդարապատի ճակատամարտը յաղթանակով պսակած հայութեան քաղաքական հոսանքները։

Հայաստանի անկախութիւնը խորտակած «կոմունիստ»ին Սարդարապատի հերոս հռչակելը իրապէս պատմագիտական «հմտութիւն» կ՛ուզէ…

Հայաստանի գործող նախագահը մեղաւոր չէ սակայն։

Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վարքագծին պարտադրանքն է գաղափարական այսօրինակ խոտորումը։

Մայիս 28ի նուիրուած իր նոյն ուղերձին մէջ ՀՀ նախագահը պարտք կը զգայ շեշտելու, որ՝
«1918 թուականի Մայիսի 28ը արձանագրումն է մեր ֆիզիկական փրկութեան եւ քաղաքական վերածննդի: Արձանագրումն է մեր ժողովրդի արիութեան ու բազկի ուժի, ինչը հետագայում փառահեղօրէն դրսեւորուեց նաեւ Մեծ Հայրենականի ճակատներում ու Արցախեան գոյամարտում»:

Ի՜նչ «Մեծ Հայրենական»ի մասին կը խօսի Հայաստանի նախագահը Մայիս 28ի առիթով։

Սարդարապատի կամ Շուշիի ազատագրումին համար մեր ժողովուրդին դրսեւորած արութիւնն ու բազկի ուժը ինչո՞ւ արատաւորել այսպէս կոչուած «Մեծ Հայրենական»ի պղտոր ջուրերով։

Ի վերջոյ պատմական ճշմարտութիւն է, որ «Մեծ Հայրենական»ին խորհրդայինները հայ ժողովուրդէն աւելի քան չորս հարիւր հազար տղամարդ պարտադրաբար – եւ անվերադարձ – նետեցին պատերազմի դաշտ…

Ըստ երեւոյթին Հայաստանի նախագահը իր յատուկ պատճառները ունի «դաշնակցականն ու կոմունիստ»ը, կամ՝ «Մեծ Հայրենական»ն ու Արցախեան գոյամարտը… հաւասարեցնելու։

Բայց արեամբ գրուած պատմութիւն գոյութիւն ունի, որուն հետ ոչ ոք կրնայ խաղալ…

Մայիս 28ի աւանդը նսեմացնելու գաղափարական խոտորումները անպատասխան չեն կրնար մնալ, պէտք չէ՛ մնան։
Եթէ վաղուան մեր սերունդներուն մէջ կ՛ուզենք վառ պահել, Չարենցի իսկ պատկերաւոր արտայայտութեամբ, Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ամբողջացման Մայիս 28ի գաղափարական խարոյկը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել