Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ալիքը Զսպելու Ջանքերը Կը Ձախողին

Taksim2ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Յունիս 3ին, յաջորդական չորրորդ օրն ըլլալով բախումներ տեղի ունեցան թուրք ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու, սակայն մասնաւորաբար՝ Պոլսոյ տարբեր շրջաններու մէջ:

Հազարաւոր ցուցարարներ Երկուշաբթի օր վերադարձան Պոլսոյ փողոցները՝ շարունակելով Ուրբաթ օրուընէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին առնուազն 2 զոհ ու հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ 1700 հոգի ձերբակալուեցաւ:

Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Կիրակի օր տեղի ունեցած ցոյցը ընդհանուր առմամբ խաղաղ էր, սակայն Անգարայի «Քըզըլա» հրապարակին վրայ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակեց՝ ցուցարարները ցրուելու համար: Երկուշաբթի օր եւս ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակեց Պոլսոյ եւ Անգարայի ցուցարարներուն դէմ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Երկուշաբթի օր Մարոք մեկնեցաւ՝ քանի մը երկիրներու չորսօրեայ շրջապտոյտ մը սկսելով, դարձեալ պնդեց, թէ ցուցարարները կը փորձեն ժողովրդավարութիւնը ականահարել: Ան յայտնեց, որ Թուրքիա վերջին քանի մը օրերուն ցաւալի «գրգռութիւններու» ականատես կը դառնայ:

«Նախկին կառավարութիւններուն նման, մենք դարձեալ ականատես կը դառնանք կառավարութիւնը ընկճելու համար քաոս ստեղծելու ջանքերու: Գլխաւոր ընդդիմութիւնը (Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը) եւ ուրիշներ, որոնք հասկցան, թէ քուէատուփի ճամբով յաղթանակ պիտի չարձանագրեն, այս ցոյցերը կը հրահրեն», ըսաւ ան Կիրակի օր:

Թուրքիոյ վարչապետը պնդեց, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ վիճայարոյց ու ցոյցերուն պատճառ դարձած շինարարութիւնը պիտի շարունակուի եւ ատոր վրայ ծրագրուած օսմանեան ժամանակաշրջանի «Թօփչու» զօրանոցին կրկնօրինակը պիտի կառուցուի՝ հակառակ ցուցարարներուն կամքին, եւ աւելցուց, որ կառավարութիւնը Թաքսիմի մէջ նաեւ օփերայի շէնք մը եւ մզկիթ մը պիտի կառուցէ:

«Մենք ատիկա կատարելու համար Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան արտօնութեան կարիքը չունինք: Մենք արդէն մեզի թեր քուէարկածներուն արտօնութիւնը ունինք», ըսաւ ան: Ան նաեւ անհիմն համարեց այն ակնարկները, որ ինք Թաքսիմի «Կեզի» հանրային պարտէզի հարցին շուրջ իր յայտարարութիւններուն մէջ գրգռիչ ոճ օգտագործած է՝ միաժամանակ մերժելով ցուցարարներուն այն պնդումը, թէ ինք բռնատէր մըն է. «Անոնք մայթերը կը քակեն եւ տեղւոյն խանութներուն ապակիները կը փշրեն. ասիկա ժողովրդավարութիւ՞ն է», հարց տուաւ ան՝ դատապարտելով ցուցարարներուն արարքները:

Նշենք, որ Էրտողան Շաբաթ օր ընդունեց, որ ոստիկանութեան կողմէ «կարգ մը սխալներ գործուած են, եւ չափազանցուած հակազդեցութիւն ցուցաբերուած է»:

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Էրտողանէն պահանջեց ժողովուրդէն ներում հայցել՝ ցուցարարներուն դէմ չափազանցուած ուժ օգտագործելուն համար: Ան շեշտեց, որ «անձ մը ժողովուրդին կամքին հակառակ չի կրնար իշխել. ժողովուրդը մեծագոյն ուժն է եւ Էրտողան պէտք է անկէ ներում հայցէ»:

Քըլըճտարօղլու ըսաւ նաեւ, որ Թաքսիմի ցուցարարներուն իր կատարած այցելութիւնը «առիթի օգտագործում չէր»՝ նշելով, որ «իբրեւ պարզ քաղաքացի, գացի ցուցարարներուն զօրակցելու: Այս ցոյցը Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեանը չէ, ասիկա ժողովուրդի՛ն բողոքի ցոյցն է, եւ մենք մեր կուսակցութեան դրօշները մեզի հետ չտարինք»:

Նշենք, որ միայն Շաբաթ օր 48 քա՛աքներու մէջ 90 ցոյցեր տեղի ունեցան:

Կարելի է հաստատել, թէ Թաքսիմի «Կեզի» հանրապարտէզը պաշտպանելու նպատակով սկսած սոյն ժողովրդային շարժումը դարձած է ապստամբութիւն մը վարչակարգին բռնատիրական մղումներուն դէմ։

Միւս կողմէ, շուրջ 1800 անձեր Շաբաթ օր, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, Էրտողանի կառավարութեան դէմ Պոլսոյ ցուցարարներուն զօրակցական քայլարշաւ մը կատարեցին: Անոնք թրքական դրօշներ բարձրացուցած էին, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Դիմացի՛ր Կեզիի այգի, Վիեննան կողքիդ է» եւ «Պոլիսը առանձին չէ»: Կարգ մը ցուցարարներ կոչ ուղղեցին «ոստիկանութեան՝ բռնարարքները դադրեցնելու», մինչ ուրիշներ կը բացագանչէին՝ «Մարդասպան Էրտողան»: Աւստրիական ոստիկանութիւնը նշեց, որ ցոյցը աւարտած է խաղաղ կերպով:

Ի՞ՆՉ ԵՂԱՆ ԹԱՔՍԻՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԴԱՄԲԱՆԱՔԱՐԵՐԸ

Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Պոլսոյ երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր, որ Կիրակի օր Թաքսիմի ցոյցերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, Ֆաթիհ Ալթայլըի «Թեքէ Թեք» յայտագիրին ընթացքին հետաքրքրական հարցում մը դրաւ օրակարգի վրայ։ Ան հարցուց, թէ ի՞նչ եղաւ հայկական գերեզմանատան դամբանաքարերուն, որոնք մէջտեղէն վերցուած էին՝ Թաքսիսի հրապարակին վրայ պանդոկի մը շինութեան ընթացքին։

Երեսփոխանը պնդեց, թէ այդ գերեզմանաքարերը գործածուած են Թաքսիմի հանրապարտէզին շինութեան ընթացքին։ Էօնտեր դիտել տուաւ նաեւ, որ Պէյօղլուի եւ Թաքսիմի միջեւ այդ շրջանը ատենօք գերեզմանատուներու վայր էր, եւ այժմ, «Տիվան» պանդոկի պարտէզին մէջ յարգանքի փոքրիկ յուշարձան մը պէտք է դրուի՝ այդ շրջանի հայ մեռեալներուն եւ անոնց զաւակներուն ի յարգանք։

ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնեցին ցոյցերուն ընթացքին որդեգրուած բռնարարքներուն առնչութեամբ եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեցին՝ յարգելու հաւաքի եւ արտայայտուելու ազատութիւնները: Եւրոմիութիւնը դատապարտեց թուրք ոստիկաններու ծայրաստիճան բիրտ միջամտութիւնները՝ նշելով, որ ցուցարարները կ՛ենթարկուին անտեղիօրէն ծանր յարձակումներու։

«Որպէս Եւրոմիութիւն, կ՛ուզենք յիշեցնել խօսքի ազատութեան եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներուն մասին», նշուած է Եւրոմիութեան յայտարարութեան մէջ:

Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը եւս սուր կերպով քննադատեց Էրտողանի կառավարութիւնը:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտարարեց, թէ Էրտողան պէտք է իր ժողովուրդին կամքը յարգէ եւ հրաժարելով՝ մեկնի Տոհա, որ «թերեւս զինք կ՛ընդունի»:

Զանազան այլ երկիրներ եւս դատապարտեցին ցուցարարներուն դէմ առնուած քայլերը՝ ոստիկանութեան միջամտութիւնը չափազանցուած ու հակաժողովրդավարական նկատելով։

Բոլոր այս քննադատութիւններուն թիրախը ընդհանրապէս վարչապետ Էրտողանն էր։

Իր կարգին, ամերիկահայ նշանաւոր երգիչ եւ յօրինող Սերժ Թանքեան իր վորդովմունքը յայտնած է Թուրքիոյ մէջ ծաւալուող դէպքերուն առնչութեամբ ու իր «Facebook»ի էջին վրայ գրած է. «Զարմանալի չէ, որ լրագրողները առանց խտրականութեան բանտ նետող ու 1.5 միլիոն հայերու, ինչպէս նաեւ յոյներու ու ասորիներու նկատմամբ իր կատարած ցեղասպանութիւնները հերքող կառավարութիւնը ուժ կը կիրառէ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ: Թաքսիմ հրապարակի «Կեզի» զբօսայգին ու անոնց կից միջազգային պանդոկները կառուցուած են հայկական հին գերեզմանատան վրայ: Կարելի չէ պահել անցեալի ոսկորները: Ես սարսափած եմ Էրտողան կոչուած այդ կեղծաւորին՝ Թուրքիոյ վարչապետին, հետ Օպամայի մտերմութենէն»:

asbarez.com
03/06/2013

Տպել Տպել