Ժխտողներու Բերդին Մէջ

arangar«Եութա» համալսարանի Թրքական ուսմանց ծրագիրի նախաձեռնութեամբ անցեալ Չորեքշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Կովկասը՝ կայսերական մայրամուտին. ազգայնականութիւն, ազգային ինքնութիւն եւ ազգակերտում (1870-1920)» խորագիրով խորհրդաժողովը:

«Եութա» համալսարանին մէջ 2009ին հաստատուած Թրքական ուսմանց ծրագիրը, որուն վարիչն է նոյն համալսարանի քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքի դասախօսներէն փրոֆ. Մ. Հաքան Եաւուզ, կը վայելէ հովանաւորութիւնը Ամերիկայի թուրքերու համադաշնութեան (ԱԹՀ), որմէ կը ստանայ իր նիւթական միջոցները: Այս կազմակերպութիւնը յայտնի է իբրեւ Ամերիկայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտման գործին լծուած ամէնէն գործունեայ կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը նաեւ Թիֆլիսի խորհրդաժողովի հովանաւորներէն մէկն է:

ԱԹՀ, իր հիմնադրութենէն սկսեալ (2007), իր տխուր հռչակը շահած է Ցեղասպանութիւնը հերքող պատումի եռանդագին քարոզչութիւնը կատարելով, այդ նպատակին ծառայող ուսումնասիրութիւններ հովանաւորելով, Ուաշինկթընի քաղաքական բոլոր շրջանակներուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն ուժգին դիմադրութիւն ցոյց տալով:

ԱԹՀին՝ Թիֆլիսի խորհրդաժողովի հովանաւորը ըլլալու փաստը, հետեւաբար, բնական կը դարձնէ զեկուցողներու շարքին Նորմըն Սթոնի, Ճասթին ՄըքՔարթիի, Մայքըլ Կանթըրի եւ Քեմալ Չիչեքի նման պատմութիւնը նենգափոխողներու անուններ տեսնելը:
Զարմանալին, սակայն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հայ պատմաբաններու մասնակցութեան փաստն է: Աւելի զարմանալին՝ կազմակերպողներու շարքին մէջ եւս հայու անուն գալը (Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատմաբանները մերժած են մասնակցիլ այս խորհրդաժողովին. այս մասին կարդացէք մեր վաղուան թիւով):
Վերջին շրջանին, որոշ հայ ակադեմականներ կը գործեն այն թիւր ըմբռնումով, թէ Ցեղասպանութեան ժխտման նուիրուած խորհրդաժողովներու մասնակցելով՝ կրնան հակաճառել պատմութիւնը նենգափոխողներուն: Ցարդ, նման որեւէ փաստի մը ծանօթ չենք:

Այս խորհրդաժողովին մասնակից հայ պատմաբաններէն ոմանք վաղուց իրենք իրենց հոգին ծախած են, եւ անոնց ներկայութիւնը մեզ չի զարմացներ: Մեզ կ՛անհանգստացնէ մասնակցութիւնը երիտասարդ պատմաբաններու, որոնք կը յաւակնին իրենց զեկուցումներով պատնէշ կանգնիլ ընդդէմ թրքական պետական քարոզչութեան: Մեզ կ՛անհանգստացնէ այն փաստը, որ հայ պատմաբանները այսպիսի խորհրդաժողովներու մասնակցելով՝ օրինականութիւն կու տան Ցեղասպանութեան հերքման նուիրուած հաւաքներուն, իսկ հետագային, խորհրդաժողովի նիւթերու հրատարակութեան մէջ ներառնուելով կողք կողքի կեղծ պատմաբաններու զեկոյցներուն հետ՝ նոյնպէս կ՛օրինականացնեն այդ հրատարակութիւնները:

Մենք բարոյական լրիւ իրաւունքը ունինք սթափութեան կոչ ուղղելու այս երիտասարդ պատմաբաններուն:

ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
asbarez.com

06/06/2013

Տպել Տպել