Լայն Խարիսխ

Apo-PhotԱզատամարտիկներու կենցաղային, ընկերային աննախանձելի վիճակը, առաւել բանակին մէջ տեղի ունեցած անբաղձալի դէպքերը կը յուզեն մեր ժողովուրդի լայն խաւերը՝ դրականօրէն տրամադրելով զանգուածները ի նպաստ կռուած տղոց կամ բանակի վեթերաններուն իրաւունքներու պաշտպանութեան միտող որեւէ նախաձեռնութեան, ցուցական որեւէ արտայայտութեան:

Նկատի ունենալով, որ Արցախի Ազատագրութեան պայքարին մասնակցողները նկատառելի թիւ կը կազմեն, նկատի ունենալով, որ մեր ժողովուրդի մարտունակութիւնը բարձր պահելու եւ հետագայ թշնամական յարձակումները դիմագրաւելու անհրաժեշտ հոգեբանական մթնոլորտը ապահովելու խնդիրը միշտ այժմէական է՝ քաղաքական որեւէ ուժ ուղղակի պարտաւոր է ստանձնել այդ տղոց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործը, դառնալ դրօշակակիրը անոնց տարրական պահանջներու իրականացման, արժանապատիւ կեանք վարելու անոնց արդար իրաւունքի կենսագործման:

Ստանձնել, այս պարագային, չի նշանակեր զօրակցիլ, իրենց կողքին կանգնիլ, պարբերաբար իրենց օգտին խորհրդարանի բեմէն արտայայտուիլ կամ ճառեր արտասանել: Ստանձնել կը նշանակէ՝ քաղաքական գործունէութեան հիմք դարձնել ազատամարտիկներու ճակատագիրով մտահոգուիլը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նման ազգային-հայրենասիրական, ընկերային արդարութեան ծրագիրներով ղեկավարուող, այդ արժէքները բարձրագոյնս գնահատող կուսակցութեան համար ամէնէն հարազատ միջավայրն է ազատամարտիկներու շահերու պաշտպանութիւնը: Այդ ուղղութեամբ կուսակցութիւնը բաւական աշխատանք տարած է իր սփիւռքեան կառոյցներուն, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան եւ այլ միջոցներով:

Այսուհանդերձ, տակաւին, գոնէ արտաքնապէս, այդ ամբողջական յանձնառութեան պատկերացումը չէ ստեղծուած՝ ե՛ւ Հայաստանի, եւ Սփիւռքի մէջ: Ազատամարտիկներու ներկայ բողոքի շարժման ալիքը առիթ մըն է ցոյց տալու հայրենիքի պաշտպաններուն, թէ իրենց բարօրութեան հանդէպ մեր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը անքննելի է:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
11/06/2013

Տպել Տպել