Ակնարկ. Ի՞նչն Է «Անընդունելի»-ն

դրոշԵռանախագահներու յայտարարութիւնը` արցախեան հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը բնութագրող եւ ակնկալիքները սկզբունքներու տեսքով վերահաստատող բովանդակային առումով որեւէ հիմնական յաւելում չի պարփակեր: Շեշտադրումներու խնդիր է, որ յայտարարութեան ծանօթացողը կը նկատէ: Ոճի խստացումը, համեմատաբար նախորդ յայտարարութիւններուն, ակներեւ է:

Այսպէս է. եռանախագահողները խոր ափսոսանք կը յայտնեն, որ բանակցային գործընթացին մէջ կողմերը փոխանակ փորձելու լուծում գտնել, հիմնուած փոխադարձ շահերու հիման վրայ, կը շարունակեն ձգտիլ միակողմանի ելքերու:
Նոյն յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այս ձգձգումը անընդունելի է: Մնացեալը կոչի դասական մօտեցում է եւ բազմիցս ամրագրուած սկզբունքներու կիրարկման վերյիշեցում:

Ոճի համեմատական խստացումի շարժառիթները կրնան իրենց քաղաքական բացատրութիւնները ունենալ: Այդ ուղղութեամբ քաղաքական յարակից գործընթացներ տակաւին լոյս կը սփռեն շեշտադրումներով փոխանցուող ուղերձին բուն դրդապատճառներուն մասին:

Այժմ նկատենք անմիջապէս, որ ներկայ գոյավիճակը եւ անոր լուծման համար տարուող բանակցութիւններուն ձգձգումը ուղղակի անընդունելի կը նկատուին եռանախագահողներուն համար: Բայց հակամարտութեան լուծման անտեսանելիութեան չափ անորոշ է նաեւ այս իրավիճակին անընդունելիութեան գաղափարը: Այստեղ անշուշտ չէ ըսուած, թէ անընդունելիութիւնը ինչպէ՞ս գործնապէս կ՛ուզեն թարգմանել միջնորդ պետութիւններուն ղեկավարները: Պաշտօնական Պաքուն իր պահանջներուն հետեւողականութիւնը պահելու համար իրավիճակի անընդունելիութիւնը կրնայ մեկնաբանել իբրեւ նախաբան բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան գործողութեան:

Պաշտօնական Երեւանի մեկնաբանութիւնը դիտարկելէ առաջ նկատենք, որ եռանախագահողներուն կողմէ յայտարարուած գոյավիճակի անընդունելիութեան պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս բաժնուած է հակամարտող կողմերուն: Իբրեւ պատասխանատու չէ առանձնացուած ռազմատենչ յայտարարութիւն կատարողը, հրադադար խախտողը, արձակազէններ գործի լծողը, հետախուզական գործողութիւններ կազմակերպողը, Սաֆարովը հերոսացնողը եւ հայատեացութիւն տարածողը: Շփման գիծին վրայ կատարուող մշտադիտարկումներու արդիւնքները հաւանաբար բաւարար նկատուէին միակողմանի պատասխանատուութիւններ ճշդելու համար:

Այս առումով ալ արդարացուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութիւնը` այս ամբողջ գործընթացի սառեցման պատասխանատուութիւնը Պաքուի ուսերուն տեսնելու առումով: Դիւանագիտական մարտավարութիւնը եւս, որ որոշ ժամանակէ ի վեր կը կիրարկուի, պարզ է: Միջազգային ընտանիքին ցոյց տալ, որ միջնորդներու եւ միջազգային օրէնքի ճշդած սկզբունքներն ու օրինաչափութիւնները ընդունելի են Երեւանի համար եւ Պաքուն է, որ կը մերժէ զանոնք:

Փաստ է նաեւ այն, որ հայկական դիւանագիտութեան այս վարքագիծը իր անմիջական արդիւնքները չի տար: Եւ հակառակ անոր որ սկզբունքներու նշման ընթացքին Երեւանը ուժի կիրարկման բացառումէն ետք իբրեւ երկրորդ սկզբունք կ՛արծարծէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ ապա տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, միջազգային յայտարարութիւնները ընդհանրապէս եւ այս պարագային եռանախագահները իրերայաջորդականութեան մէջ երկրորդ տեղը տուած են տարածքային ամբողջականութեան եւ ապա միայն իբրեւ երրորդ սկզբունք ինքնորոշման իրաւունքին:

Այս նրբերանգները անպայման նկատի կ՛առնուին յայտարարութեան ուղերձները մեկնաբանողներուն կողմէ: Միջազգային ընտանիքին, եռանախագահողներուն եւ Մինսքի խմբակին յայտարարութիւններուն ընդառաջ երթալը եւ Պաքուն իբրեւ պատասխանատու ներկայացնելու հայկական դիւանագիտութեան մօտեցումները բաւարար չեն: Այդ բոլորը արդիւնք կու տան, երբ պատասխանատուութեան նժարը յայտարարութիւններու մէջ եւ յատկապէս բանակցային սեղաններու վրայ սկսին թեքիլ դէպի ազրպէյճանական կողմը:

Այսօր տակաւին կը գործէ պատասխանատուութեան համահաւասարեցման միջազգային սկզբունքը: Այս անգամ` համեմատաբար խիստ ոճով եւ իրավիճակը անընդունելի նկատելով: Խորքին մէջ Երեւանը այս համահաւասարեցումը անընդունելի պէտք է նկատէ եւ աշխատի, որ նոյն կեցուածքը որդեգրեն նաեւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել