
Զբօսաշրջութեան նախարար եւ ՀՅԴ ընտրամեքենայի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեան երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաշինքներուն եւ տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ Դաշնակցութեան հետեւորդներուն քուէարկութեան մանրամասնութիւններուն: Հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Կիտանեան Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` անոնց յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները: 2000-էն սկսեալ երեսփոխանական եւ…















