
19-29 յուլիսին Հայաստանի հարազատ հողին վրայ պիտի համախմբուին մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ականներ, ինչպէս նաեւ` համակիրներ, որպէսզի պաշտօնապէս եւ մեծ շուքով նշեն միութեան մէկ դար թեւակոխելը: Այդ թուականներուն Երեւանի, Բիւրականի, Գիւմրիի եւ հայրենիքի տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի լսուին սկաուտներուն կանչերը, հայրենի հողը պիտի թնդայ ու ամրանայ անոնց խորհրդաւոր տողանցքով, օփերայի դահլիճը պիտի ապրի մէկ դար ամբողջ սփիւռքի մէջ…














