
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը հելլէն խորհրդարանի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւի ընդունման գծով Երեքշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2014ին Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կայացած վճիռը՝ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պատմական ու արդար քայլ մըն է հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Հելլէն խորհրդարանի խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին մէջ տեղ գտած՝ հաւաքական վիրաւորանքի մասին 2րդ յօդուածը՝ զօրաւոր…















