
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը` արտասանուած Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին նուիրուած «Յաղթանակի Ղօղանջներ» ձեռնարկին Յարգելի՛ ներկայացուցիչներ պատկան մարմիններու, Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Չեմ գիտեր ձեզմէ քանի հոգի եղած է Սարդարապատի յուշահամալիր եւ եթէ եղած է՝ ի՞նչ զգացած է։ Բայց ես, ամէն անգամ որ կ՚այցելեմ Սարդարապատ, սոսկում մը կ՚ապրիմ: Սոսկում՝ որովհետեւ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար…















