
Ազգովին կը գտնուինք Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանութեան 99-ամեակի սեմին։ 24 Ապրիլ 1915ին ի գործ դնելով հայ ժողովուրդի բնաջնջման իր քաղաքական ծրագիրը, թրքական պետութիւնը կատարեց մարդկութեան դէմ գործուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանական ոճրագործութիւնը, որուն հետեւանքները զգալի են մինչեւ այսօր։ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ եւ անհատոյց կը մնայ։ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ…













