
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ յառաջատարը եղաւ ազգային միասնականութեան ստեղծման, արժեւորման ու ամրապնդման»։ «Դաշնակցութիւնը Ոչինչ Պիտի խնայէ սուրիահայ գաղութի վերականգնումի ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար՝ պայծառ օրուան մը անյապաղ գալիքին հաւատքով»։ Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս, փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակը: Տօնակատարութեան ներկայ էին հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ…















