
ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակը Կիպրոսի մէջ փառաշուք կերպով նշուեցաւ Շաμաթ 26 Նոյեմμերին, Նիկոսիոյ Նարեկ Ազգային Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։ Այս առթիւ, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրած էր Արցախի ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, պատմութեան եւ ռազմագիտութեան դասախօս, ԼՂՀ նախագահին կողմէ «Արիութիւն» մետալով պարգեւատրուած եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազի մասնակից ընկ. Արթուր Եղիազարեանը, որ ներկաներուն փոխանցեց օրուայ պատգամը։ Յայտագրի սկիզբը…















