
Երէկ երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր գումարած նիստին ընթացքին որոշեց ցնոր տնօրինութիւն առկախել աղբերու ընդունումը Պուրճ Համուտի մէջ յատկացուած յատուկ հողամասին վրայ, ուր պիտի կառուցուի տեսակաւորուած աղբի թափօններու թաղման վայրը, եւ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Հաղորդագրութիւն 17 յուլիս 2015-ին Նաամէի աղբանոցին փակումով Լիբանան մուտք գործեց մութ փակուղի մը, երբ Նաամէի աղբանոցը փակուեցաւ, առանց աղբերու հարցը…















