
1918-ի մայիսեան վճռորոշ յաղթանակներու վաղորդայնին հռչակուած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ իր բազմաթիւ իրագործումներով, անջնջելի աւանդ թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժամանցելի է իր պատգամը հայկեան սերունդներուն։ Օրհասական պահու մը ընդմէջէն իր ծնունդով՝ Մայիսի 28-ին վերականգնեցաւ հայոց պետականութիւնը, որ շուրջ ինն դարեր դադրած էր գոյութենէ՝ իր իսկ բնօրրան Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ: Մեր…