
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող այսօրուան (Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27) որոշումը վճռական եւ պատմական քայլ մըն է Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող նահանգին կողմէ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛ողջունէ այս խիզախ ու անկիւնադարձային քայլը, որ ոչ միայն վկայութիւնն է ամերիկահայութեան տքնաջան աշխատանքին,…














