
15 Մայիսի այս օրը, 1916 թուականին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը Հայոց դիւցազնական Ազատամարտին։ 102 տարի առաջ, Մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն Քեռին, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան մկրտուած էր, եւ որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան ու առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ ՔԵՌԻ կոչուելու սրտաբուխ պատիւին։ Չորրորդ գնդի…















