
Կը փորձեմ մօտէն հետևիլ երկրի իրադարձութիւններուն գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական ուժերու փոխ-հաղորդակցութեանց ներկայի թէժ մթնոլորտին մէջ շարք մը կարևոր նրբութիւններ պիտի անպայման խուսափին մեր հասողութենէն։ Պէտք է յամենայն դէպս ողջունել այն ակնյայտ փաստը, որ այժմ կը գտնուինք քաղաքական փոխյարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ի տարբերութիւն փողոցային առճակատման։ Պր. Վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը ի վերջոյ ընտրեցին խոհեմութեան ճանապարհը…















