
Սեդօ Պոյաճեան Քաղաքականութեան մէջ ժողովուրդին կամ երկրին ճակատագիրը յուզող որոշումները հեշտութեամբ չեն տրուիր, պատահականութեամբ չեն կատարուիր, կամայականութեան չեն ձգուիր։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հոկտեմբեր 10, 2009ին Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերջնական չեղարկումը նման որոշում է։ Այս որոշումը հեշտութեան, պատահականութեան կամ կամայականութեան արդիւնք չէր։ Նոյնիսկ պէտք է ընդունիլ որ այս կրկնակ արձանագրութիւնները…















