
Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ իր օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մէկը դարձուցած չէր Ցեղասպանութեան ոճիրը — իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն յանցագործութեան — դատապարտելու, օրէնքով պատժելի հռչակելու եւ կանխարգիլելու մեծ խնդիրը։ Հակառակ 19րդ դարու սկիզբներուն թափ առած գաղթարարական խօլ մրցապայքարին, որ զանգուածային բնաջնջումներու միջոցաւ Եւրոպայի մեծապետական ուժերու լուծին կ’ենթարկէր ամբողջ ժոովուրդներ Հին Աշխարհի տարածքին,…














