
Հոկտեմբեր 17ի այս օրը, վաթսուն տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ արդի հայ գրականութեան ամէնէն սիրուած դէմքերէն Աւետիք Իսահակեան, որ քնարերգական իր մեծ տաղանդով դարձաւ Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչը եւ արժանացաւ հայ բանաստեղծներու Վարպետի տիտղոսին։ Նաեւ իբրեւ ազգային դէմք ու մտածողութիւն՝ Աւետիք Իսահակեան իւրայատուկ հորիզոն մը բացաւ հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներու փոթորկայոյզ կեանքին առջեւ։ Ա. Իսահակեան…















