
Շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի խորհրդաժողովը: Սոյն խորհրդաժողովը կ՛իյնար շրջագիծին մէջ խորհրդակցական այն հանդիպումներուն, որոնք հերթաբար տեղի կ’ունենան տարածաշրջանային մակարդակի վրայ` քննարկելու համար տուեալ տարածաշրջանին մէջ Հայ դատի գրասենեակներուն ու տեղական յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները եւ ուղենշելու ապագայ ընելիքները: Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:30-ին ՀՅԴ Բիւրոյի…















