
(Սեւրի Դաշնագիրի 97-ամեակին Առիթով) Սեւրի դաշնագիրի մասին հրապարակային վերլուծում կամ պայմանագիրին հետ կապուած իրադարձութիւններու այժմէականացման որեւէ փորձ անպայման անմիջականօրէն մեզի համար կը կապուի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ: Այստեղ կայ նախ եւ առաջ զուտ իրաւական մեկնաբանութեան հարց: Իրաւարար վճիռը ըստ միջազգային օրէնքի անբեկանելի է եւ հետեւաբար ուժի մէջ մտնելու կամ չմտնելու խնդիր չի դիմագրաւեր, այդ պատճառով…














