
Հոկտեմբեր 7-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան Գանատայի ազգային առաջնորդարանէնն ներս հարցազրոյց մը ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառին հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը։ Հ.- 2015-ի Ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Այսօրուան դրութեամբ, ո՞ւր հասած է այս գործընթացը։ Վ.Հ.- Ամէն բանէ առաջ կ’ուզեմ ըսել, որ այս դատը…















