
Արցախի հանրապետութեան Ազգաժին ժողովի փոխ նախագահ Վահրամ Բալայեան այցելեց «Ազդակ», ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Լիբանանի յանձնախումբի անդամներուն։ Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Վահրամ Բալայեան զեկուցեց Արցախի առնչուած ներքին եւ արտաքին գործընթացներուն մասին։ Խորհրդակցութիւնը ապա կեդրոնացաւ տեղեկատուական ոլորտի վրայ՝ յատկապէս Արցախի եւ Սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու միջեւ իրականացուող համագործակցութեան։ Արցախի Ազգային ժողովի փոխ նախագահը բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի կատարած…














