
Արցախեան հարցին ուղղութեամբ Ազրպէյճանի նախագահին ելոյթը իր երկրի կառավարութեան նիստին, շատ արագ հայեացքով քանի մը մտածում կ՛ուրուագծէ: Բայց նախ` Ալիեւի ամփոփած բանաձեւը, որուն մէջ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել բովանդակայինին առընթեր ոճին եւ օգտագործուած քաղաքական եզրաբանութեան: «Հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի կարճ ժամանակուան ընթացքին, սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: Հակամարտութեան լուծման միակ տարբերակը փուլային տարբերակն է»:…















