
Արցախեան հակամարտութեան առաջին օրէն տեղեկատուական պատերազմը անդադար շարունակուած է. բնականաբար կայծակնային նախայարձակողականութեան առընթեր ծաւալ ստացաւ նաեւ այս ոլորտը: Առարկայական մօտեցումի համար ճիշդ պիտի չըլլար բաւարարուիլ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ընթացող տեղեկատուական հակամարտութեան մասին խօսելով միայն: Առնչակից կողմեր կան այստեղ եւ յատկապէս միջազգային լրահոսը, որ լուրեր թողարկելու, զանոնք մեկնաբանելու, շրջագայութեան մէջ դնելու եւ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով…















