
Աւազամրրիկին ստեղծած անպատեհութիւնները դիմակայելու անպատրաստ կացութենէն մինչեւ նախագահական թափուր մնացած բարձրագոյն (ան) պատասխանատուութիւն կամ աղբահանման հիմնահարցէն մինչեւ ազգային երկխօսութեան նիստերու արդիւնքներուն շուրջ տիրող անորոշութիւն, անցնելով ելեկտրականութեան անլոյծ մնալէն, հասնելու համար երկրի կառոյցներուն եւ ենթակառոյցներուն կաթուածահարութեան, լիբանանցին կը տուայտի իրավիճակի անհեռանկարայնութեան պատճառով յառաջացած հետեւանքներու անյստակութեան մէջ: Բացակայողը ազգ ու պետութիւն դառնալու կամքն է, առկայ են հատուածականն…















