
Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը 3 յունիսին վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Թիւ 550/2015 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ: Հոն միաժամանակ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու: Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտականները նաեւ կոչ ուղղած են Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շինիչ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութեանց հետ: Պրազիլի Հայ դատի յանձնախումբէն…















