
Հայկական իրականութեան մէջ, ազգային գաղափարախօսութեան ամէնէն հարազատ արտայայտիչի դիրքը վերջին 124 տարիներուն գրաւուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ու այդ ժամանակաշրջանին մեր ժողովուրդի դիմագրաւած բոլոր փոթորիկները, բոլոր տագնապներն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ընթացքին շարունակ շեշտուած է անոր անփոխարինելութիւնը: Վերանկախացած Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, ազգային գաղափարախօսութեան հատուածը գրաւելու յաւակնութեամբ ճամբայ ելած բոլոր կուսակցութիւններու գործունէութիւնը աչքին առջեւն է…















