
Ժամանակն է գիտակցելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն հազիւ տարի մը առաջ, բոլորովին տարբեր անկիւնէ կ’ոգեկոչենք 24 Ապրիլ 1915ի անմեղ զոհերու յիշատակը, ամբողջական հատուցման մեր պահանջը ներկայացնելով աշխարհին: Օսմանեան Կայսրութեան տիրակալ թըրքական պետութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման հարցը, տարբեր հանգրուաններէ անցաւ նախորդած 99 տարիներուն ընթացքին: Եթէ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը պահանջատիրութեան ազդանշանը տուաւ՝ հոգեհանգիստներէն…














