Նորութիւններ

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Պատասխանատու մարմնի յայտարարագիրը

Կուսակցութիւնը ոչ մի կապ ունի եւ չի կարող ունենալ ո՛չ ինքնակոչ այդ խմբակների եւ ոչ էլ նրանց զինուած ջոկատների հետ: Հայաստանում Դաշնակցութեան անունից հանդէս եկող խմբակների մասին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտնի յայտարարագրից յետոյ էլ ինքնակոչ այդ խմբակների ղեկավարները անհրաժեշտ հետեւութիւն չարեցին եւ դեռեւս շարունակում են իրենց ելոյթները՝ թիւրիմացութեան մէջ գցելով հասարակական ու քաղաքական շատ…

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դիմումը հայ ժողովրդին

Հայրենակիցնե՛ր, Արցախին մահացու վտանգ է սպառնում։ Հակառակորդի ձեռքերն ազատ են, եւ նա պատրաստ է ամէն քայլի՝ մի քանի հազար տարիների հայկական օճախը ոչնչացնելու համար, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանում, Նախիջեւանում, Գանձակում։ Մեր ժողովրդի նկատմամբ երեք տարի շարունակուող սադրանքները չբաւարարեցին բարբարոսների եւ նրանց հովանաւորների արնատենչութիւնը։ Արցախը շրջապատուած է Ադրբեջանի զօրքերով եւ ճակատագրական օրեր է ապրում։ Արցախն օգնութեան է…

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը

Մայիս 28-ի պաշտօնական ճանաչման առթիւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կողջունէ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան 27 Մայիսի, 1989ին հրապարակած այն որոշումը, որմով այս վերջինը 1918 թուականի Մայիս 28ը պաշտօնապէս կը ճանչնայ որպէս հայոց պետականութեան վերականգնումի օր: 1921 էն ասդին, Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ իր համակիր բազմութիւնները ամէն տարի, Եռագոյն դրօշի շուքին տակ, հանդիսաւոր կերպով նշելով Մայիս…

ՀՅԴ Բիւրոյի կոչը հայ ժողովրդին

Հայ ժողովուրդը խոր սուգի մատնող 7 Դեկտեմբերի Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի աղէտը իր սահմռկեցուցիչ տարողութեամբ ծանրակշիռ հետեւանք ունեցաւ հայրենաբնակ հայութեան կեանքին համար£ Կործանած քաղաքներու եւ գիւղերու պարզած ողբերգական պատկերը թէ բազմահազար մեռեալներու, վիրաւորներու, անպատսպար աղէտեալներու իրավիճակը խոր վշտով վրդովեցին հայութիւնըª Մայր Հայրենիքէն մինչեւ Հայ Սփիւռքի տարածքին ապրող անդաստանական մեր ժողովուրդին զաւակները: Սփիւռքահայութիւնը՝ իր երեք ազգային¬քաղաքական…

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը

Հայաստանի վրայ Խորհրդային իշխանութիւնների գործադրած ճնշումների առթիւ Շուրջ երկու շաբաթներէ ի վեր, խորհրդային իշխանութիւնները բիրտ ճնշումներ ի գործ կը դնեն Հայաստանի մէջ, խափանելու համար հայ ժողովուրդի արդար պահանջը: Լեռնային Ղարաբաղի վերամիացուած տեսնելու Մայր Հայրենիքին: Արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն պահանջատէր կանգնող հարիւրաւոր հայրենատէրներու ձերբակալութիւնները յայտնաբար նշան են Մոսկուայի իշխանութեանց որդեգրած այս խիստ քաղաքականութեան, որուն…

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 24-ՐԴ Ընդհ ժողովի յայտարարութիւնը

Ընկերներ եւ հայրենակիցներ, Պատմական դարձակէտ կապրի Հայոց նորագոյն պատմութիւնը: Հայկական Հարցը մտած է նոր եւ բախտորոշ փուլի մը մէջ: Ըստ էութեան, ցարդ ոչինչ փոխուած է անշուշտ այն առանձնաշնորհեալ դիրքէնª զոր Թուրքիան կը վայելէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան զինակցութեանց միջեւ, եւ որ հիմնական խոչընդոտն է Հայ Դատի բարենպաստ լուծման: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ու անոր դաշնակից պետութիւնները, շարունակելով…

Յայտարարութիւն Ուղղուած Խորհրդային Միութեան Ղեկավարութեան եւ Համայն Աշխարհի Հանրային Կարծիքին

Վերջին քանի մը օրերուն պատահած կարգ մը իրողութիւններ կու գան յստակօրէն նախատեսել տալու, որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին Խորհրդային Հայաստանի վերակցման համայն հայութեան արդար պահանջը տեղ պիտի չգտնէ խորհրդային գերագոյն ղեկավարութեան մօտ: Այդ իրողութիւններէն մէկը Ռուսական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի պահանջն էր, որ «յարգուի Խորհրդային Միութեան սահմանադրութիւնը եւ տեղի չտրուի ազգամիջեան խռովութիւններու, ինչ որ…

Ատրպէյճանի թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած ոճիրներուն առիթով

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ծայր աստիճանի մտահոգիդ կը նկատէ Ատրպէյճանի տարածքին թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը, որ կը խոցէ սիրտը համայն հայ ժողովուրդին` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք: Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան արդար ու օրինապահ պահանջատիրութեան իբրեւ պատասխան-հակազդեցութիւն շղթայազերծուած այս խժդժութիւնները, հայ բնակչութիւնը տեղահան դարձնելու եւ զուտ թաթարական շրջան մը իրագործելու իրենց մութ բայց յստակ դիտաւորութեամբ, թաթարներու…

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը

Ատրպեյճանի թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած ոճիրներուն առիթով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ծայր աստիճանի մտահոգիդ կը նկատէ Ատրպէյճանի տարածքին թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը, որ կը խոցէ սիրտը համայն հայ ժողովուրդին` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք: Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան արդար ու օրինապահ պահանջատիրութեան իբրեւ պատասխան-հակազդեցութիւն շղթայազերծուած այս խժդժութիւնները, հայ բնակչութիւնը տեղահան դարձնելու եւ զուտ թաթարական շրջան…

Հայաստանի կենսոլորտային ներկայ տագնապին առիթով

Վերջին ամիսներուն, հետզհետէ շեշտուած կերպով` հայրենի, ապա սփիւռքահայ եւ միջազգային մամուլը արձագանք հանդիսացան Խորհրդային Հայաստանի մթնոլորտի ծայրայեղ ապականման, որ հետեւանք է երկրամասի տարածքին հաստատուած կորիզային, ինչպէս նաեւ ջերմուժ արտադրող գործարաններու շողարձակումներուն եւ մթնոլորտի մէջ տարածուող մեծ քանակութեամբ թունաւոր կազերու: Ժամանակի ընթացքին մթնոլորտին մէջ կուտակուող եւ գիտականօրէն հանդուրժելի առաւելագոյն չափը բազմապատիկ կերպով զանցող այս թունաւորումներն ու…