
Ի վերջոյ տարիներ շարունակ սպասելէ, եւ շարունակ յետաձգուելէ ետք, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24-ին, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին, ստորագրուեցաւ Հայաստանի հետ համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագիրը: 2013-էն ի վեր, այս համաձայնագրին գծով աշխատանք կը տարուէր եւ երբ կը կարծուէր, թէ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը պիտի արձանագրուէր, յանկարծ՝ Սեպտեմբեր 2013-ին, Մոսկուա ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անակնկալ…















