
Ամերիկայի յաջորդական նախագահներուն կողմէ Ապրիլ 24ի եղեռնի յիշատակման առիթով կատարուած տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւնները քաղաքական աւանդութեան վերածուած են։ Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ 1990ի Ապրիլին նախագահ Ճորճ Հ. Պուշի յայտարարութեամբ։ Տարեկան հերթականութեամբ աւանդութիւնը շարունակեցին նախագահներ Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Ու. Պուշ եւ Պարաք Օպամա։ Այս տարի, Ապրիլ 24ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս հրապարակեց եղեռնի յիշատակման իր յայտարարութիւնը։ Ամերիկայի…















