
Լրագիրներէ կ’իմանանք որ Դեւիդ Ռիթթեր անունով անձնաւորութիւն մը փաստագրական ֆիլմ է նկարահանած Իրաքի Հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Հաւրէզք հայկական գիւղի վերաբերեալ եւ սկսեր է ցուցադրել արտասահմանեան մեր համայնքներէն ներս: Նոյն ատեն ֆիլմի DVD-ի վաճառքի եկամուտէն 30 տոկոսը պիտի փոխադրուի Հաւրէզք գիւղին: Նաեւ, այլ յօդուածագիր մը՝ Ասպետ Քոչիկեան, երկար գրութիւն մը հրատարակած է «Իրաքեան Քիւրտիստանի Մոռցուած…















