
Ներկայ ճգնաժամը թերեւս նախավերջին ազդն է հայրենիքի ճիշդ ու արդար բարեկարգման հրամայականին։ Ասիկա հաւանաբար նախավերջին զգաստութեան հրաւէրն է մեր սեփական տունը կարգի դնելու։ Կարելի չէ հերթական նոյն վերաբերմունքով մօտենալ շարունակուող հիմնական հարցերուն։ Թոյլատրելի չէ հնամաշ մտայնութեամբ ընկալել մեր առջեւ պարզուած ազգային իրականութիւնը։ Ճգնաժամի նկատմամբ հայրենի իշխանութեան ցուցաբերած զգօնութիւնը, համբերատարութիւնը եւ համեմատական զսպուածութիւնը յուսադրիչ կրնայ նկատուիլ։…















