
(Արցախեան Ազատամարտի 28-Ամեակ) Արցախեան ազատամարտի մեկնարկի նշումը այս տարի շեշտուած ձեւով անպայման կը կապուի հայկական երկու հանրապետութիւններու հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական տարուան հետ: Պարզ է, որ արցախեան ազատամարտով սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որուն հետ սերտօրէն առնչուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: Երեւոյթները անքակտելիօրէն փոխկապակցուած են եւ առանց ազատամարտին չէին կայանար ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ ալ երկրորդը:…















