
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպած ցուցական կարեւորագոյն աքթերէն կը նկատուի Պանք Օթոմանի գրաւումը: Դրամատան գրաւումը բռնամիջոցի տեսքով` ունի սակայն յեղափոխական բարոյական արժեհամակարգին պատկանող գեղեցիկ բաղադրիչներ: Քանի մը կարեւոր խորհուրդ Պանք Օթոմանի գրաւման նշումին առիթով կ՛ուրուագծուի, աքթին պատմաքաղաքական արժեւորման հերթական փորձի ընթացքին: Օսմանեան դրամատան գրաւումը կ՛իրականանար Դաշնակցութեան հիմնադրութեան առաջին ժամանակահատուածին: Միայն վեց տարի կը բաժնէ այս հերոսապատումը…















