
Թէեւ յաճախ կը խօսուի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Միջազգային դատարան) Թուրքիոյ դէմ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման մասին, սակայն հազուադէպօրէն կը նշուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) հայց ներկայացնելու կարելիութիւնը՝ հակառակ վերջինիս բացայայտ առաւելութիւններուն: Այս երկու դատարաններուն միջեւ եղած հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ միայն պետութիւններ կրնան դատական հայց ներկայացնել Միջազգային դատարան, մինչդեռ իւրաքանչիւր անձ, խումբ…















