
Հայորդիի նկարագի՞ր…թէ աւելի բարեկեցիկ ու լաւ պայմաններու մէջ գոյատեւելու փնտռտուք: Ինչ որ ալ ըլլան դրդապարճառները, կը նկատուին գերմտահոգիչ: Դանակը ոսկորին հասած ըլլալու մասին վիճաբանիլն անգամ անտեղի է կամ յար եւ նման է ջայլամի քաղաքականութեան, մանաւանդ երբ ստոյգ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ հայրենիքի բնակչութեան քառասուն առ հարիւրը կը փափաքի արտագաղթել, եթէ պայմաններ ու կարելիութիւններ ստեղծուին:…















