
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 25 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, յիշատակի յատուկ երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նուիրուած` ՀՅԴ-ի ղեկավար գործիչներէն, հասարակական վաստակաւոր գործիչ, մտաւորական տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին: Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, միութենական պատասխանատուներու, կուսակցականներու եւ ազգայիններու…















