Հայեացք ծայրամասէն. – Չավէս, կամ ան որ այլընտրանքը չվարանեցաւ կոչել 21-րդ դարու ընկերվարութիւն

chavez Հա­յաս­տա­նի, եւ պէտք է ըն­դու­նիլ` Սփիւռ­քի մէկ կա­րե­ւոր մա­սի, քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թին մէջ “պո­պու­լիստ“ յղաց­քը ժխտա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նի: Աջի թէ ձա­խի մտա­ծող­ներն ու օր­գա­նա­կան մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­ներն ու ամէն օր կար­ծիք յայտ­նե­լու առա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող հրա­պա­րա­կա­գիր­նե­րը, “պո­պու­լիստ“ կը հա­մա­րեն քա­ղա­քա­կան այն այ­րերն ու կի­նե­րը, որոնց ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնը հիմն­ուած է զանգ­ուած­նե­րուն խա­բե­լու, մո­լո­րեց­նե­լու եւ շա­հա­գոր­ծե­լու յա­տուկ կա­րո­ղու­թեան մը վրայ: Հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան վեր­լու­ծու­մը չէ ան­շուշտ ասի­կա: Հա­րա­զատ ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւնն է Արեւմտ­եան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ իր ծննդո­ցով ժխտա­կա­նօ­րէն բա­նա­ձեւ­ուած այդ յղաց­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեան: Բայց ըն­դուն­ուած է մեր մօտ առանց դոյզն քննար­կու­մէ, մտա­ւո­րա­կան քննա­դա­տու­թե­նէ անց­նե­լու, այն­պէս ինչ­պէս, ընդ­հան­րա­պէս, փոր­ձած ենք ամե­նա­հա­րա­զա­տօ­րէն ըն­դօ­րի­նա­կել, կամ կապ­կել, Արեւ­մուտ­քի գրե­թէ ամէն ին­չը…

Մարտ 5, 2013-ին, 58 տա­րե­կան հա­սա­կին, քաղց­կե­ղի դէմ եր­կու տա­րի­ներ պայ­քա­րե­լէ յե­տոյ յա­ւեր­ժու­թեան ան­ցած Վե­նեզ­ուե­լա­յի նա­խա­գահ Ու­կօ Չա­վէս Ֆար­ի­աս չէր նեղ­ուեր երբ իրենց “պո­պու­լիստ“ կը կո­չէ­ին: Անար­գանք չէր նկա­տեր յղաց­քը, ոչ ալ կը խոր­շէր զանգ­ուած­նե­րէն, անոնց են­թադր­եալ “անգ­րա­գի­տու­թե­նէն“, որ, ի դէպ, “պո­պու­լիզմ“ը ժխտա­կա­նօ­րէն բնո­րո­շող մտա­ծո­ղու­թեան լուռ են­թադ­րու­թիւնն է: Չա­վէս լաւ կը հասկ­նար, որ զանգ­ուա­ծա­յին պոռթ­կում­նե­րը տա­րե­րա­յին բնոյթ կրնան ու­նե­նալ: Բայց հա­ւա­տա­ցած էր նա­եւ, որ տա­րե­րա­յին պոռթ­կում­նե­րը ու­նին ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան կա­ռու­ցա­յին խոր պատ­ճառ­ներ, որոնց գի­տակ­ցու­թիւնը միայն այդ զանգ­ուած­նե­րուն, “խե­լա­գար ամ­բոխ­ներ“ուն ինչ­պէս Չա­րեն­ցը պի­տի ըսէր, կը վե­րա­ծէ քա­ղա­քական գոր­ծօ­նի` յե­ղա­փո­խու­թեան դե­րա­կա­տար­նե­րու եւ յանձ­նա­ռու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու: Բայց այդ մէ­կը կա­խում ու­նի զանգ­ուած­նե­րուն առաջ­նոր­դե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը առած ղե­կա­վար­նե­րու թէ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թեան ու բա­րո­յա­կան յանձ­նա­ռու­թեան մա­կար­դա­կէն: Զանգ­ուած­նե­րը կրնան խաբ­ուիլ, յու­սա­բեկ­ուիլ, նոյ­նիսկ աւե­լի քան մէկ ան­գամ երբ անա­տակ ղե­կա­վա­րու­թիւն ըլ­լայ զի­րենք առաջ­նոր­դո­ղը կամ յստակ չըլ­լան ծրա­գիր­նե­րը: Բայց իրենց “ամ­բո­խա­յին խե­լա­գա­րու­թեան“ երե­ւոյ­թին ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան պայ­ման­նե­րու են­թա­խոր­քի առ­կա­յու­թեան վեր­լու­ծու­մը հա­զիւ թէ սխալ ըլ­լայ:

Չա­վէս “ամ­բոխ­նե­րու խե­լա­գա­րու­թիւնը“ տե­սաւ առա­ջին ան­գամ 1988-ին, երբ հա­ցի գի­նին բարձ­րաց­ման հե­տե­ւան­քով Վե­նեզ­ուե­լա­յի մայ­րա­քա­ղաք Քա­րա­քա­սի շուրջ­ բո­լո­րը գտնուող աղ­քատ ար­ուար­ձան­նե­րէն ամ­բո­խը խու­ժեց սու­բըր­մար­քէթ­նե­րուն վրայ: Քա­րիւ­ղի գի­նը այդ տա­րի պատ­մա­կան ցած ար­ժէք ար­ձա­նագ­րած էր, բա­ցար­ձա­կա­պէս քա­րիւ­ղի եկա­մու­տե­րու վրայ հիմն­ուած բո­լոր տնտե­սու­թիւն­նե­րուն նման Վե­նեզ­ուե­լա­յի տնտե­սու­թիւնն ալ ծանր իրա­վի­ճա­կի մէջ կը գտնուէր, եւ ու­րեմն պե­տու­թիւնը որո­շեց դադ­րեց­նել հա­ցի պե­տա­կան ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը որով եւ հա­ցին, աղ­քատ դա­սա­կար­գի փաս­տօ­րէն մի­ակ հիմ­նա­կան սնուն­դին, գի­նը ահա­ւոր բարձ­րա­ցում կրեց` սո­վա­հա­րու­թեան սպառ­նա­լիք ուղ­ղե­լով հա­սա­րա­կու­թեան ամե­նա­ան­պաշտ­պան խա­ւին: Սո­ված մար­դոց դէմ այն ժա­մա­նակ իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնուող Գար­լոս Անտ­րէս Փե­րէ­սի կա­ռա­վա­րու­թիւնը զին­ուած ու­ժե­րը հա­նեց մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ կարգ ու կա­նոն հաս­տա­տե­լու հա­մար: Եւ պա­տա­հե­ցաւ ան­խու­սա­փե­լին. զի­նուոր­նե­րը կրա­կե­ցին, մար­դիկ զոհ­ուե­ցան, բռնի ճնշում… Մի­ջին դա­սա­կար­գը, անոնք որոնք վարժ էին “ջու­րի փո­խա­րէն քա­րիւղ խմե­լու“ ինչ­պէս կ՛ըս­ուի Վե­նեզ­ուե­լա­յի մէջ, հանգս­տա­ցան, կա­ռա­վա­րու­թիւնը շունչ քա­շեց, ամէն ինչ վե­րա­դար­ձաւ իր բնա­կա­նոն հու­նին եւ այն­պէս կը թուէր թէ սպանն­ուած­նե­րը մօտ ատե­նէն մո­ռա­ցու­թեան պի­տի մատն­ուին: Ի վեր­ջոյ ով­քե՞ր էին որ, ըն­չա­զուր­կեր, ան­կազ­մա­կերպ, առանց քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան, շա­տե­րը մին­չեւ իսկ առանց ինք­նու­թեան, առանց քա­ղա­քա­ցիու­թեան… Բայց այն ժա­մա­նակ երի­տա­սարդ սպայ Չա­վէսն ու իր օգ­նա­կան­նե­րը “Քար­րա­քա­սօ“ կոչ­ուած այդ արիւ­նոտ դէպ­քե­րէն յե­տոյ եր­կար մտա­ծե­ցին իրենց ըրա­ծին վրայ, փոխն ի փոխ իշ­խա­նու­թեան հաս­նող կեդ­րոն-աջ եւ կեդ­րոն-ձախ եր­կու քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեանց ղե­կա­վա­րու­թեանց խոր փտտա­ծու­թեան բայց մա­նա­ւանդ քա­րիւ­ղի արտա­հան­ման եկա­մու­տով յատ­կանշ­ուած տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գի մը ծնունդ տուած ահա­ւոր ըն­կե­րա­յին ան­հա­ւա­սա­րու­թեան մա­սին:p6-hugo-chavez_ 1992-ին, Պաղ Պա­տե­րազ­մին յա­ջոր­դած աշ­խար­հին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը իր վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կը կը տօ­նէր ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան վրայ: Լա­տին Ամե­րի­կա­յի մէջ զի­նուո­րա­կան­նե­րը ար­դէն հա­մոզ­ուած էին որ պե­տա­կան հար­ուած­նե­րու ճամ­բով իշ­խա­նու­թեան չէ­ին կրնար հաս­նիլ որով­հե­տեւ իրենց “փրկա­րար“ դե­րին հա­ւա­տա­ցող չկար իրենց իսկ ժո­ղո­վուր­դին մօտ իսկ Փեն­թա­կո­նը իր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը նման ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու ար­դէն կը բա­ցա­ռէր: Ահա այդ տա­րին էր որ Չա­վէս իր հա­մա­խոհ­նե­րուն հետ պե­տա­կան հար­ուա­ծի փորձ մը կա­տա­րեց: Փոր­ձը ձա­խո­ղե­ցաւ, ինք ձեր­բա­կալ­ուե­ցաւ բայց յանձն­ուե­լէ առաջ խնդրեց հինգ վայրկ­եան` հե­ռուս­տա­ցոյ­ցով ելոյթ ու­նե­նա­լու հա­մար: Այդ ելոյ­թով ան դի­մեց Վե­նեզ­ուե­լա­յի ժո­ղո­վուր­դին վստա­հեց­նե­լով որ պե­տա­կան հար­ուա­ծի փոր­ձը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու դէմ չէր այլ` քա­ղա­քա­կան դա­սի փտտա­ծու­թեան եւ խոս­տա­ցաւ վե­րա­դառ­նալ:

Վեց տա­րի յե­տոյ ան ար­դէն երե­ւոյթ էր:

Բան­տէն ազատ ար­ձակ­ուած, ձա­խա­կողմ­եան մտա­ւո­րա­կան­նե­րով եւ յայտ­նի քա­ղա­քա­կան ու յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րով շրջա­պատ­ուած, Չա­վէս նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու իր թեկ­նա­ծու­թիւնը դրած էր եւ քա­րո­զար­շա­ւի սկսած հիմ­նա­կա­նին մէջ երկ­րի ամե­նա­աղ­քատ ու մոռց­ուած հա­սա­րա­կա­կան խա­ւե­րուն մօտ: Յաղ­թա­նա­կը բա­ցար­ձակ եղաւ: Ոչ միայն որով­հե­տեւ ձայ­նե­րու յի­սուն­եօթ տո­կո­սով ընտր­ուե­ցաւ, այլ այդ պա­հէն մին­չեւ իր մա­հը իշ­խա­նու­թեան վրայ մնաց, ար­մա­տա­կան իր բո­լոր բա­րե­փո­խում­նե­րը կա­տա­րեց միայն ու միայն ժո­ղովր­դա­յին քուէի ու­ժով: “Պո­պու­լիստ“ այս ղե­կա­վա­րին բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը` սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում ըլ­լայ այն թէ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց եղան զանգ­ուա­ծա­յին զօ­րա­շար­ժի եւ ազատ ու մա­քուր ընտ­րու­թիւն­նե­րու ճամ­բով, որուն վկա­յու­թիւնը բազ­միցս տուին մի­ջազ­գա­յին դէ­տեր, նե­րառ­եալ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին նա­խա­գահ Ճի­մի Քար­թըր: Այն­քան տո­կուն էր իր ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնը որ Մի­ջին Արե­ւել­քը ժո­ղովր­դա­վա­րաց­նե­լու ելած Ճորճ Պու­շի վար­չա­կար­գը չվա­րա­նե­ցաւ զօ­րակ­ցիլ Ապ­րիլ 2002-ին իր դէմ եղած պե­տա­կան հար­ուա­ծին, որ… եր­կու օրէն ձա­խո­ղե­ցաւ որով­հե­տեւ ե՛ւ զի­նուո­րա­կա­նու­թեան մէկ կա­րե­ւոր մա­սը, ե՛ւ մա­նա­ւանդ ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի ելաւ ի խնդիր պե­տա­կան հար­ուա­ծի ձա­խո­ղու­թեան: Իր յաղ­թա­նա­կը բա­ցար­ձակ եղաւ որով­հե­տեւ իր իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լէն հա­զիւ հինգ տա­րի անց, գրե­թէ ամ­բողջ ցա­մա­քա­մաս մը, Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կան բա­ցա­ռու­թեամբ քա­նի մը եր­կիր­նե­րու, պատ­մա­կան նոր հանգր­ուան մը կը բա­նար հան­րա­ծա­նօթ “թե­քում դէ­պի ձախ“ գոր­ծըն­թա­ցով եւ հրա­ժեշտ կու տար ին­նի­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րու նէ­օ­լի­պե­րա­լիզ­մին եւ անոր ծնունդ տուած աղէտ­նե­րուն` ըն­կե­րա­յին անար­դա­րու­թիւն, սուր բե­ւե­րա­ցում, աղ­քա­տու­թեան աճ, ան­գոր­ծու­թիւն… Ար­ժան­թի­նի Մար Տէլ Փլա­թա քա­ղա­քին մէջ 2005ին գու­մար­ուած Ամե­րի­կա­նե­րու Գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, վեր­ջի­նը` տա­սը տա­րի շա­րու­նակ­ուած գոր­ծըն­թա­ցի մը հա­ւաք­նե­րու շար­քին, Չա­վէս-Լու­լա-Քիրշ­նէր երր­եա­կը վերջ­նա­կա­նա­պէս “ոչ“ ըսաւ Պու­շին եւ իր նա­խոր­դին օրոք սկսած հա­մա­ա­մե­րիկ­եան ազատ առեւ­տու­րի գօտիի ստեղծ­ման ծրագ­րին եւ ու­ղի հար­թե­ցին ար­դէն զար­գա­նա­լու սկսած հա­րա­ւա­մե­րիկ­եան հա­մարկ­ման հո­լո­վոյ­թին: Հա­րա­ւա­մե­րիկ­եան բո­լոր մեծ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու շար­քին Չա­վէս եղաւ ան որ չվա­րա­նե­ցաւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան զար­գաց­ման նէ­օ­լի­պե­րալ տար­բե­րա­կին այ­լընտ­րան­քը կո­չել իր անու­նով` “21րդ դա­րու ըն­կեր­վա­րու­թիւն“ հա­մես­տա­բար ըն­դու­նե­լով որ յղաց­քը իր հե­ղի­նա­կու­թիւնը չէր: Դրա­մա­տի­րու­թեան այ­լընտ­րան­քը ըն­կեր­վա­րու­թիւնն է, այլ ձե­ւով կա­րե­լի չէ այն բա­նա­ձե­ւել ըսած էր ան շատ յստակ, առանց ոչ մէկ թապ­ուի այդ բա­ռին նկատ­մամբ: Եւ այդ ըն­կեր­վա­րու­թիւնը ան­պայ­մա­նօ­րէն “կու­լա­կա­թա­փում“ չէր, տնտե­սու­թեան բա­ցար­ձակ պե­տա­կա­նա­ցում չէր, ոչ ալ կը ժխտէր սե­փա­կա­նա­տի­րու­թեան եւ ազատ նա­խա­ձեռ­նու­թեան իրա­ւուն­քը: Պար­զա­պէս շեշ­տը կը դնէր ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան, հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մին եւ անոր մէջ պե­տու­թեան կար­գա­ւո­րող դե­րին վե­րար­ժե­ւոր­ման:

Շատ գրուած է ու դեռ շատ պի­տի գրուի Չա­վէ­սին մա­սին իր լաւ թէ վատ կող­մե­րով, նուա­ճում­նե­րով ու սխալ­նե­րով, բայց թե­րեւս հար­ցա­կան է թէ այդ երե­ւոյ­թը ին­չո՞վ հե­տաքրք­րա­կան պի­տի ըլ­լայ հա­յու­թեան ու Հա­յաս­տա­նին հա­մար:

Իրո­ղու­թիւնը այն է որ Չա­վէ­սի երե­ւոյ­թը շատ հե­ռու է մեր իրա­կա­նու­թե­նէն, եւ մեր­ձեց­ման որե­ւէ փորձ քիչ մը ար­հես­տա­կան ու զօ­րով պար­տադր­ուած ճիգ պի­տի թուի, թէ­եւ Չա­վէ­սի իշ­խա­նու­թեան օրե­րուն էր որ Վե­նեզ­ուե­լա­յի Խորհր­դա­րա­նին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման յայ­տա­րա­րու­թիւն եղաւ, Չա­վէ­սի ստեղ­ծած քէյ­պըլ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան, Թէ­լէ Սուր, առա­ջին տնօ­րէ­նը հա­յազ­գի Արամ Ահա­րոն­եանն էր Ու­րուկ­ուա­յէն, եւ, տա­կա­ւի՛ն, Չա­վէ­սը մօտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծեց ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից Ռու­սաս­տա­նի այլ նա­եւ ու մա­նա­ւանդ Իրա­նի հետ: Բայց, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը շատ հե­ռու էր Վե­նեզ­ուե­լա­յէն, Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յէն ու Չա­վէ­սէն ինք­նին: Նախ որով­հե­տեւ “կոմպ­լե­մեն­տար“ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը անց­նող տաս­նամ­եա­կին Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գի­տու­թեան տե­սա­դաշ­տէն դուրս ձգած էր ընդ­հան­րա­պէս Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կան ի շարս այլ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րու: Երկ­րորդ, ու մա­նա­ւանդ, որով­հե­տեւ անց­եալ տաս­նամ­եա­կին էր որ մինչ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կան կը հե­ռա­նար նէ­օ­լի­պե­րա­լիզ­մի ճի­րան­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի մէջ Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի օրոք հաս­տատ­ուած ազատ շու­կա­յա­կան տոկ­ման կ՛ամ­րագ­րէր դրա­մա­տի­րու­թեան ամե­նա­գի­շա­տիչ տար­բե­րա­կը ի դէմս օլի­կար­գա­յին իշ­խա­նա­կար­գին որուն հա­մար հասկ­նալի­օ­րէն “ձախ թե­քում“, ըն­կեր­վա­րու­թիւն թէ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւն անի­մաստ, եթէ ոչ վտան­գա­ւոր, յղացք­ներ էին:

Կը մնայ որ Փետր­ուար 2013-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու յա­ջոր­դած այս հանգր­ուա­նին, երբ ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժը կրկին այ­սօր­ուայ իշ­խա­նա­կար­գին այ­լընտ­րան­քի մը յոյ­սը կը փայ­փա­յէ, Լե­ւո­նէն մին­չեւ Սերժ Սարգս­եան եր­կա­րող ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան այս անար­դար հա­մա­կար­գը փո­խե­լու յանձ­նա­ռու­թիւն վեր­ցու­ցած ընդ­դի­մու­թիւնը, թէ­կուզ եւ հանգր­ուա­նա­յին գոր­ծըն­թա­ցի զգու­շա­ւո­րու­թեան ար­դա­րա­ցի որ­դեգ­րու­մով, հասկ­նայ որ այ­լընտ­րան­քը ի վեր­ջոյ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւնն է, 21րդ դա­րու ըն­կեր­վա­րու­թիւնը այն­պէս ինչ­պէս Չա­վէս պատ­գա­մեց Վե­նեզ­ուե­լա­յին, Լա­տին Ամե­րի­կա­յին եւ աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, եւ ոչ թէ լի­պե­րալ ֆոլք­լո­րի գու­նա­ւոր յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու թէ “Փի. Ար.“ական հնչե­ղու­թեամբ այլ թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րու “շօ­ու պիզ­նէս“ը:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տպել Տպել