
ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին առիթով կայացած բազմաթիւ հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցուած մօտեցումներուն եւ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ կարելի է առանձնացնել հետեւեալ միտքերը, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յայտնած է Լաթվիոյ նախագահին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Ա.- Հայաստանի ժողովրդավարական փոփոխութիւնները այս երկիրները իրարու աւելիով կը միացնեն եւ աւելի մօտ կը դարձնեն: Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը այս ճամբուն վրայ`…















